Հըզպալլա. «Ահաբեկիչներուն Դիմադրելը Լիբանանեան Բանակին Պատասխանատուութիւնն Է, Իսկ Արսալի Բախումներուն Չենք Միջամտած»

Հըզպալլա երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դրուատեց Արսալի հարցով Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած կեցուածքը, որ յայտարարուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:

Հըզպալլա ընդգծեց, որ այդ կեցուածքը կը փաստէ բանակին նկատմամբ ցուցաբերուած ազգային միասնականութիւնը:

«Բանակը կը պայքարի հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կը պայքարի քաղաքացիական անվտանգութեան նկատմամբ ուղղուած սպառնալիքներուն եւ երկրին գերիշխանութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններուն դէմ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հըզպալլա ողջունեց նաեւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն կողմէ որդեգրուած բանակի զօրակցութեան կեցուածքը, ինչպէս նաեւ այն որոշումը, որ բանակին դէմ արտայայտութիւնները չհրապարակուին եւ չհաղորդուին` կանխարգիլելու համար ահաբեկիչներուն արարքները դիւրացնելու կարելիութիւնը:

Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ գետնի վրայ լիբանանեան բանակն է, որ կը պայքարի ահաբեկիչներուն դէմ եւ կը պաշտպանէ Արսալի բնակչութիւնը` ընդգծելով, որ ահաբեկիչներուն դիմադրութիւնը բանակին պատասխանատուութիւնն է, «իսկ Հըզպալլա Արսալի մէջ արձանագրուած եւ արձանագրուող բախումներուն երբեք չէ միջամտած», եզրափակուեցաւ հաղորդագրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES