Մուսթաքպալ Պլոքը Արսալի Իրադարձութիւններուն Պատասխանատու Կը Նկատէ Հըզպալլան
Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացքիկ նիստը` նախագահութեամբ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն ետք Մուսթաքպալի հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Զիատ Քատիրի, որ յայտնեց, թէ պլոքը խստիւ կը դատապարտէ Արսալի դէմ գործուած յարձակումը` զինեալներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ բանակն ու ապահովութեան ուժերը թիրախ դարձնելու փորձերը:
«Արսալի դէմ յարձակումը ամբողջ Լիբանանին դէմ գործուած յարձակումի մը համազօր է», ըսաւ ան:
Մուսթաքպալ պլոքը հաստատեց, որ Արսալի դէմ յարձակումը կը ծառայէ սուրիական վարչակարգին նպատակներուն եւ անոր մեղսակցողը կ՛օժանդակէ, որ սուրիացի ժողովուրդին սպանդէն ուշադրութիւնը շեղի:
«Մուսթաքպալ պլոքը Արսալի իրադարձութիւններուն պատասխանատու կը նկատէ Հըզպալլան: Ան կ՛ողջունէ լիբանանեան բանակին ջանքերը եւ կը հաստատէ բանակին օժանդակելու կարեւորութիւնը` զգուշացնելով Հըզպալլան Արսալի դէպքերուն միջամուխ դառնալէ», նշեց Քատիրի:
Նշենք, որ իր կարգին Սինիորա կառավարութենէն պահանջեց Սուրիոյ հետ Լիբանանի բոլոր սահմանները փակել:

