Միքաթի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցաւ Սալամի, Մուքպելի Եւ Քահուաժիի Հետ

1384875331_mikatitelephoneՆախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս բանակին հետ արձանագրուած զինեալ բախումները:

Միքաթի դրուատեց լիբանանեան բանակին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելու առումով լիբանանեան կառավարութեան որդեգրած կեցուածքը:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ եւ անոր յայտնեց, որ ինք բանակին նեցուկ կը կանգնի:

Նոյն նպատակով Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Միքաթի վերահաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին բանակին եւ կ՛ողջունեն Արսալի պաշտպանութեան համար որդեգրուած միջոցառումները:

Ան ընդգծեց, որ բանակը թիրախ դարձնելու քայլը խստիւ դատապարտելի է:

Միքաթի դատապարտեց նաեւ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյիի դէմ արձակուած կրակոցը` շեշտելով, որ նման արարքներ կը միտին Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստել եւ ապակայունութիւն տարածել:

 

Share this Article
CATEGORIES