Զօր. Աուն Կը Զգուշացնէ Ահաբեկչութեան Հետ Բանակցելէ

Զօր. Միշել Աուն

Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Նիստէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը չի զլանար իր հայրենիքը պաշտպանել, յատկապէս նկատի ունենալով ամբողջ Լիբանանին կողմէ բանակին նեցուկ կանգնելու ազգային իսկական միասնականութիւնը:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ լիբանանցիները պէտք է բաց սրտով իրարու հետ խօսին: «Այս է ճշմարտութեան պահը եւ այս ձեւով է, որ մեր նահատակները իրենց թափած արեամբ կը քաւեն քաղաքական անձնաւորութիւններուն գործած մեղքերը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ օր մը անպայման միջազգային ատեաններ պիտի ստեղծուին դատելու համար Իսրայէլն ու ՏԱՀԵՇ-ը` անոնց գործած պատերազմական ոճիրներուն համար: «Կայ հիմնական մէկ պայման, որ բանակը հաւատադրժողական այս խմբաւորումներուն հետ չբանակցի: Նման պարագայի բանակը պիտի ձախողի, որովհետեւ հաւատադրժողական եւ քանդումի այս ուժերը համաձայնութեան սկզբունքներուն նկատմամբ ոչ մէկ յանձնառութիւն կ՛ունենան, այլ նախանձախնդիր են միայն իրենց շահերուն: Ո՛վ որ կը մերժէ Սուրիոյ հետ փոխըմբռնում կատարել, չի կրնար ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցիլ», հաստատեց ան:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ անհրաժեշտ է այսօր Սուրիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնել` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:

Ան դիտել տուաւ, որ «Լիբանանի ապահովութիւնը Սուրիայէն է» տարազը Սուրիոյ պատասխանատուութիւնն է, իսկ «Սուրիոյ ապահովութիւնը Լիբանանէն է» տարազը` լիբանանեան պատասխանատուութիւն, աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կը մերժէ Սուրիոյ հետ համադրել սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը, սակայն դէպքերը կ՛ենթադրեն այս կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկել:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան ՏԱՀԵՇ-ին հետ չբանակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն շահերը: «Լիբանանեան պետութեան շահերուն համար պէտք է Սուրիոյ հետ բանակցիլ: Յիշեցնենք, որ երեսփոխան Օքապ Սաքըր մանուկներուն կաթ ապահովելով զբաղած էր` նախքան Հըզպալլայի Սուրիա հասնիլը, իսկ բոլոր արաբական երկիրները միջամուխ դարձան Սուրիոյ պատերազմին` նախքան Հըզպալլայի Սուրիա հասնիլը», ըսաւ զօր. Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES