Իրան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Զինել Կազայի Մէջ Հակամարտ Կողմերը

0805_Iran-Israel«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Ալամ»-ին, կը հաղորդէ, որ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի նախկին հրամանատար Մոհսեն Ռեզայի յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է պաղեստինցիներուն հրթիռներու արտադրութեան համար անհրաժեշտ նոր ճարտարագիտութիւն փոխանցելու:

«Մենք պէտք է պաղեստինցիներուն պաշտպանական եւ զինուորական ճարտարագիտութիւն փոխանցենք, որպէսզի անոնք կարենան զէնք ստեղծել Իսրայէլի կողմէ շրջափակման պարագային եւ պաշտպանել զիրենք», յայտարարած է Ռեզայի: Ան յայտնած է, որ Իրան Պաղեստինին կ՛աջակցի պաշտպանութեան մարզին մէջ:

Ռեզայի նաեւ նշած է, որ Համաս շարժումի գործիչները պէտք է փորեն փապուղիներ, զորս Կազայի հատուածի բնակիչները պիտի կարենան օգտագործել իբրեւ ապաստարաններ` Իսրայէլի հրթիռակոծումէն պաշտպանուելու համար:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն դադրեցնելու Իսրայէլի զէնքի մատակարարումը, հակառակ այն իրողութեան, որ կը քննադատէ Կազայի մէջ խաղաղ բնակչութեան մէջ Իսրայէլի զինուորական գործողութիւններուն պատճառով զոհերու արձանագրումը: Ան բացասական պատասխան տուած է Իսրայէլի զէնքի մատակարարումը սահմանափակելու կարելիութեան մասին հարցումի մը:

Ըստ անոր, «Իսրայէլ կրնայ աւելին ընել, որպէսզի խուսափի խաղաղ բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհերու աճէն», սակայն «ատիկա չի փոխեր այն իրողութիւնը, որ Իսրայէլը կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր ռազմավարական գործընկերը»:

«Մենք կը կարծենք, որ անոնք ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունին: Միաժամանակ անոնք կրնան աւելին ընել` կանխարգիլելու այդպիսի իրադարձութիւնները», ընդգծած է Փսաքի:

Միացեալ Նահանգներ նախատեսած են 2009-2018-ին Իսրայէլին 30 միլիառ տոլարի զինուորական օգնութիւն ցուցաբերել: 2014-ին այդ օգնութիւնը արդէն կազմած է 3,1 միլիառ տոլար:

Share this Article
CATEGORIES