Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Մէջ Պիտի Սկսին Միասնական Ելեւմտական Շուկայի Եւ Միասնական Վճարային Համակարգի Ստեղծման Աշխատանքները
«Ռոսսիյսքայա Կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը պիտի սկսի միասնական ելեւմտական շուկայի ստեղծման աշխատանքներուն: Եւրասիական ցամաքամասի հիւսիսը համարկման հոլովոյթներու իբրեւ արդիւնք տոլարը դուրս պիտի մղուի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու փոխադարձ վճարային համակարգէն: Օրաթերթին յայտնի դարձած է, որ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովը պիտի անցնի Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի ազգային դրամանիշերու օգտագործման ընդլայնման:
«Ռոսսիյսքայա Կազեթա» կը գրէ, որ համարկման միաւորման ծիրին մէջ սկսած են նաեւ միասնական վճարային համակարգի ստեղծման աշխատանքները: Երբ այս գաղափարները իրականացուին, կարելի պիտի ըլլայ սկսիլ մտածել միասնական դրամանիշի ստեղծման մասին:
Բոլոր այս հոլովոյթները այժմ առաւել պահանջուած պիտի ըլլան Եւրոպական Միութեան, Միացեալ Նահանգներու կողմէ ռուսական ելեւմտական մարզին նկատմամբ պատժամիջոցներու սահմանումէն ետք: Օրաթերթը կը գրէ, որ միասնական դրամանիշի ստեղծումը, մէկ տարուան հարց չէ, հակառակ անոր որ իրավիճակը այժմ ծայրայեղ ծանր չէ:
Անոնք, որոնք պատժամիջոցներէն մտավախութիւններ ունին, գումարները պիտի տեղափոխեն Չինաստան եւ Հոնկ Քոնկ:
Կը նշուի նաեւ, որ արդիական պիտի դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան համար հասարակաց վճարային համակարգի վերահսկողութեան եւ հսկողութեան միջպետական (վերազգային) հիմնարկի ստեղծումը: Այսինքն` անդամ երկիրները ստիպուած պիտի ըլլան ստեղծել հասարակաց կեդրոնական դրամատուն:

