Սլէյման Այցելեց Եարզէ

Զօր. Ժան Քահուաժի, զօր. Սլէյման եւ Մուքպել
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը: Քննարկուեցան Արսալի մէջ բանակին կողմէ ահաբեկիչներուն դէմ շղթայազերծուած զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանի բնակչութեան իրավիճակը:
Սլէյման բարձր գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ բանակին ի գործ դրած զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց երկրին դէմ նիւթուող սադրանքները կանխարգիլելու ջանքերուն:
Սլէյման ցաւակցութիւն յայտնեց Քահուաժիի` Արսալի մէջ նահատակուած զինուորներուն համար:
CATEGORIES Լիբանանեան

