ՄԵՆԱՍԱՐԹ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ

Կազմակերպութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ ՄԵ. ՆԱ. ՍԱ. (Միջին Արեւելք, Հիւսիսային Ափրիկէ, Հարաւային Ասիա) անունը կրող արուեստի կորիզին, երէկ` երեքշաբթի, 12 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Պիել»ի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՄԵՆԱՍԱՐԹ միջազգային ցուցահանդէսին:

Աշխարհագրական այս շրջանին մէջ գործող 40 յառաջատար ցուցասրահներ, ինչպէս նաեւ անհատ արուեստագէտներ հրաւիրուած են այս հաւաքական ցուցահանդէսին` իրենց արուեստի գործերն ու ստեղծագործութիւնները ներկայացնելու արուեստագէտներուն, արուեստասէրներուն, ինչպէս նաեւ արուեստի գործեր հաւաքելու նախասիրութիւն ունեցողներուն:

Անհատ արուեստագէտներու կարգին այս ցուցահանդէսին հրաւիրուած է լիբանանահայ արուեստագէտ Անիթա Թութիկեան, որուն ներկայացուցած գործին ընդմէջէն կ՛արտացոլայ պատերազմի աւարտը եւ այն երեւոյթը, որ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, այսօր պատերազմ ապրած ժողովուրդներ կրնան շարունակել արժանապատուութեամբ եւ պատիւով ապրիլ: Անիթա Թութիկեանի ստեղծագործութիւնը կը ներկայացնէ նորածին մը, անոր մայրը, պատէն կախուած են ընտանիքին մեծ մօր ու մեծ հօր լուսանկարները, իսկ անոնց դիմաց զետեղուած կտաւի մը վրայ պատկերուած է հնադարեան մարդու մարմին մը: Յատկանշական է, որ բոլորն ալ կը կրեն զինուորական զգեստ, որ նոյնացած է անոնց մորթին հետ, ինչպէս նշեց Ա. Թութիկեան` «Ազդակ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտի 20-ամեակին նուիրուած այս գործին մէջ կ՛արտացոլայ այն, որ թէեւ պատերազմն ու անոր հետեւանքները նոյնացած են այդ բոլորը ապրած ու դիմագրաւած մարդոց հետ, անոնց մորթին հետ շաղախուած ու միաձուլուած են, բայց եւ այնպէս նոյն այդ մարդիկը տակաւին կ՛ապրին առանց կորսնցնելու իրենց պատիւը, արժանապատուութիւնն ու պայքարելու, գոյատեւելու կամքը: Տարբեր սերունդներու համադրումը կատարելով` Ա. Թութիկեան կ՛ուզէ հաստատել, որ պատերազմ հասկացողութիւնը ժամանակի սահմանափակում չունի, բայց եւ այնպէս մարդոց էութիւնը չի քայքայեր, այլ կը պահէ շարունակելու իր կամքն ու բարոյական խիզախութիւնը:

Լիբանանէն, Սուրիայէն, Տուպայէն, Սէուտական Արաբիայէն, Թունուզէն, Փարիզէն, Լոնտոնէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ ցուցասրահներու կարգին է նաեւ «Էմմակոս»ը, որ ներկայացուցած է Փոլ, Մանուէլ, Էմմակոս եւ Ժան Փոլ Կիրակոսեաններուն ստեղծագործութիւնը, որոնց ընդմէջէն ի յայտ կու գան տարբեր պատկերներ, զգացումներ, խորհուրդներ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած տարբեր բնոյթի, մօտեցումի եւ ձեւի ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն յստակ կը դառնայ մշակութային տարբեր արժէքներու հանդիպումը, անոնց տարբերութիւնը կը բացայայտուի` առանց հակասութիւններու, ստեղծելով արուեստի ուրոյն միջավայր մը:

Կազմակերպիչները նշած են, որ նման նախաձեռնութեան համար Պէյրութը ընտրուած է իբրեւ հանդիպման վայր, որովհետեւ անիկա այս տարբեր շրջաններու հանդիպման կէտն է, ինչպէս նաեւ ուրոյն է իր արուեստներով եւ մշակութային ընկալումներով:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 16 յուլիս, չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը` յետմիջօրէի ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան 9:00, իսկ ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը` կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

 

Share this Article
CATEGORIES