ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ. «ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ» ԳԻՐՔԻ ԳԻՆԵՁՕՆ

Ձեռնարկին ներկաները

Հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ բժշկական միութեան, երէկ` երեքշաբթի, 12 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեանի «Ընտանիքի սեռային առողջապահութիւն» գիրքի գինեձօնը:

Բացման խօսքը արտասանեց Տիգրան Վարդապետեան, որ անդրադարձաւ նման հրատարակութեան մը կարեւորութեան` իբրեւ հայերէն գիրք եւ բժշկական գիտելիքներ ներկայացնող աղբիւր:

Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան գործունէութեան` դասախօսութիւններու կազմակերպում, «Վանայ ձայն»էն սփռուած բժշկական յայտագիրներ եւ այլն` աւելցնելով, որ այս ձեռնարկը հովանաւորելով` միութիւնը կը քաջալերէ գիրք մը, որուն ընդմէջէն ընտանիքը պիտի օգտուի եւ հայերէն պիտի կարդայ միեւնոյն ատեն: Տ. Վարդապետեան հաստատեց, որ առողջ անհատը առողջ հաւաքականութեան գրաւականն է, ուստի նման գիրքեր կարեւոր են առողջ անհատներ կերտելու առումով:

Օրուան առաջին բանախօսն էր տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ դիտել տուաւ, թէ նման գիրք մը լաւագոյնս կը ծառայէ Լիբանանահայ բժշկական միութեան հետապնդած նպատակներուն` անդրադառնալով այն համարձակութեան, որուն կարիք կայ նման քայլ մը առնելու եւ թապու նկատուող նիւթի մը մասին գրելու: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ սեռային առողջապահութեան մասին շատ բան կը գրուի, յատկապէս ներկայիս համացանցին միջոցով, սակայն բոլոր գրուածները բարոյականութեան սկզբունքները չեն յարգեր, ինչպէս է պարագան տոքթ. Վարդանեան-Քէշիշեանի աշխատութեան: Ապա տոքթ. Գ. Էճիտեան լուսարձակի տակ առաւ գիրքին արժէքը, անոր բաժանումներէն մեկնելով մինչեւ լեզուի պարզութիւն, յստակութիւն, նկարներու միջոցով միտքերու յաւելեալ պարզաբանում, բացատրութիւններու մատչելիութիւն: Անոր համաձայն, գիրքին մէջ քարոզ չի տրուիր, այլ իրականութիւններ կը յայտնուին եւ գործնական թելադրանքներ կը ներկայացուին: Իր խօսքը աւարտելով` տոքթ. Էճիտեան հաստատեց, որ «Ընտանիքի սեռային առողջապահութիւն» գիրքը օգտակար է ամբողջ ընտանիքին, այդ պատճառով ալ պէտք է քաջալերել նման հրատարակութիւն եւ սատարել անոր տարածման:

Գինեձօնի պահուն

Ձեռնարկին երկրորդ բանախօսն էր տոքթ. Մակի Քեպապճեան, որ շեշտը դրաւ սեռային իմաստով առողջ ըլլալու հիմնական կէտը նկատուող հոգեկան տուեալին վրայ, որ մեծապէս նկատի առնուած է տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեանի գիրքին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ այս նիւթով գրուած հայերէն գիրքերուն սակաւաթիւ ըլլալը առաւել եւս անհրաժեշտ կը դարձնէ նման գիրք մը, որ մատչելի հայերէնով ամէն տեսակ գիտելիք կը բովանդակէ, կը պատասխանէ բազմաթիւ հարցումներու, ուղղուած է թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ երիտասարդներուն:

Մ. Քեպապճեանի համաձայն, գիրքին մէջ գիտական տուեալներուն զուգահեռ մեծ կարեւորութիւն տրուած է բարոյադաստիարակչական գործօնին, որուն վրայ դրուած շեշտը զգալի է գիրքին իւրաքանչիւր էջին մէջ: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ հեղինակին կենսագրականին եւ գիրքին բովանդակութեան` յատուկ տեղ տալով այն երեւոյթին, որ բնազդը կարելի է կառավարել մտքով եւ կամքով, որպէսզի կարելի ըլլայ բնազդը  դրականի վերածել: Բանախօսը նշեց, որ նման տեղեկութիւններ թէեւ տարածուած են, սակայն անոնք ճշգրիտ ու առողջապահական չեն, ուստի գիրքը նաեւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ այս իմաստով:

Աւարտին խօսք առաւ գիրքին հեղինակը` տոքթ. Գ. Վարդանեան-Քէշիշեան. ան նշեց, թէ այս գիրքով ան ուզած է ընել այն, որ իւրաքանչիւր ծնողք պիտի ուզէր ընել, որպէսզի լաւ ու գիտական հիմք ունեցող հրատարակութիւն մը ըլլայ երիտասարդներուն տրամադրութեան տակ: Անոր համաձայն, բնազդին պէտք է մօտենալ գեղեցիկ ձեւով, որպէսզի անիկա ծառայէ ընտանիքի կազմութեան եւ սիրային կեանքին:

Վերջին սրտի խօսք արտասանողը եղաւ Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որուն շնորհակալութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը:

 

Share this Article
CATEGORIES