ԱՅՆՃԱՐ. ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ

Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

Կիրակի, 10 յուլիս 2011-ի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, պատմաբան, բանասէր, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով նշանակուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի քարտուղար դոկտ. Հայկ Դեմոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Այնճարի հայութեան հետ:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Այնթապլեան ներկայացուց դոկտ. Դեմոյեանը, անդրադարձաւ զրոյցի նիւթին կարեւորութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»ի տնօրէնութեան` այս հանդիպումը յաջողցնելու համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Դեմոյեանին` Այնճարի մէջ կառուցուելիք թանգարանին օժանդակելուն համար:

Բանախօսը խօսեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախատեսուած ծրագիրներուն եւ հայեցակարգին մասին: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբը, կազմուած է 37 անդամներէ եւ գումարած է իր առաջին նիստը: Կը ծրագրուի յատկապէս աշխատանք տանիլ երեք լսարաններու ուղղութեամբ` ներհայկական (յատկապէս` երիտասարդ սերունդին ուղղուած), օտար հասարակութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ դանդաղօրէն ձեւաւորուող այս նիւթով հետաքրքրուած հասարակութեան:

Ան անդրադարձաւ աշխատանքի կարեւորութեան, ժամանակի սղութեան եւ յատկապէս համահայկական ձեւով գործելու անհրաժեշտութեան:

Դեմոյեան ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի պետական յանձնախումբի տարբեր ծրագիրներուն` բացատրութիւն տալով այլազան աշխատանքներու մասին:

Իր խօսքի աւարտին դոկտ. Դեմոյեան կոչ ուղղեց հայկական բոլոր ուժերը համադրելու Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, բոլոր ձեռնարկները համակարգելու եւ ամբողջ հայութեամբ ոտքի կանգնելու` յանուն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն:

Հանդիպումին աւարտին ներկաները առիթ ունեցան այլազան հարցումներ ուղղելու եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ հաստատուած կայքէջերուն, անոնց ունեցած օգտակարութեան, քարոզչութեան եւ լուսաբանութեան նպատակներու:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES