Ճատրակ. Միջազգային 41-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքը Պարտուեցան, Աղջիկները Յաղթեցին

Հայաստան-Վիեթնամ մրցումէն

Հայաստան-Վիեթնամ մրցումէն

Թրոմսոյի մէջ (Նորվեկիա) տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային 41-րդ ողիմպիականին ծիրին մէջ, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 3-րդ հանգրուանին, ուր իրեն մրցակից ունէր Ֆրանսան, 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց` յաջորդական երկու յաղթանակէ ետք:

Լեւոն Արոնեան (2805), Գաբրիէլ Սարգսեան (2686) եւ Վլատիմիր Յակոբեան (2655) հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան (2672) պարտուեցաւ Լորան Ֆրեզինէէն (2708):

Հայաստանի տղոց այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ անիկա ընդհանուր դասաւորման մէջ 177 խումբերու մէջ նահանջէ 39-րդ դիրք:

4-րդ հանգրուանին Հայաստանի տղոց մրցակիցն է Քոսթա Ռիքա:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Հայաստանի աղջիկները արձանագրեցին իրենց 3-րդ յաջորդական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վիեթնամը:

Լիլիթ Մկրտչեան (2275) եւ Մարիա Քուրսովա (2313) յաղթեցին, մինչ Էլինա Դանիէլեան (2490) եւ Լիլիթ Կալոյեան (2275) հաւասարութիւններ արձանագրեցին:

136 խումբերուն մէջ այժմ Հայաստանի աղջիկները կը գտնուին 3-րդ դիրքին վրայ:

4-րդ հանգրուանին անոնք պիտի մրցին Իտոնեզիոյ դէմ:

Նշենք, որ տղոց մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան, իսկ աղջկանց մարզիչը` Արթուր Չիպուխչեան:

Share this Article
CATEGORIES