Ըստ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի. «Հայկ Գալստեան Ունի Լաւ Արագութիւն, Տրիպլինկ Եւ Կը Տիրապետէ Գնդակին»
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը առանձնացուցած է նախկին Խորհրդային Միութեան 7 երիտասարդ եւ անուանի ֆութպոլիստները, որոնք այժմ հանդէս կու գան եւրոպական հինգ լաւագոյն ախոյեանութեան մասնակցող խումբերուն:
Այս առնչութեամբ ArmSport.am կը յայտնէ, որ այդ 7 մարզիկներուն կարգին է նաեւ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականի միջնապահ, Հոֆընհամի ֆութպոլիստ Հայկ Գալստեան:
Միքայի 16 տարեկան Գալստեանին մասին «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի
պաշտօնական կայքը կը գրէ հետեւեալը.
«Երիտասարդ ֆութպոլիստը կ՛առանձնանայ ոչ միայն արագութեամբ, այլեւ` տրիպլինկով եւ գնդակին տիրապետելու յատկութեամբ: Ան նախորդ մարտին Հոֆընհայմի հետ անցուց փորձառական շրջան մը եւ ընդունուեցաւ ակադեմիա: Ան կը խաղայ յառաջապահ-միջնապահ դիրքին վրայ եւ կը հանդիսանայ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին յառաջատարներէն մէկը»:
Իսկ Հայաստանի պատանիներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արամ Դանիէլեան ըսաւ. «Եթէ Գալստեան շարունակէ իր վրայ աշխատիլ, ապա յառաջիկային կը դառնայ մեր ազգային հաւաքականին գլխաւոր յոյսերէն մէկը»:

