50 Տարի Առաջ (7 Օգոստո 1964)

Խմբագրական

Շիրազի Յուշարձանը

Այլազան զգացումներու յաճախանքով մը հրատարակեցինք Յովհաննէս Շիրազի քերթուածը մեր երէկուան թիւին մէջ:

Առաջին հերթին` վերստին ապրեցանք սահմռկումը այն սպանդին, դիւային այն ոճիրին, որուն զոհ գացին ստեղծագործական բարձունքներու հասած ընտիր գրագէտներ ու մտաւորականներ, 1937 թուին, մարդակերպ բորենիներու սադրանքներով, ու նաեւ` մատնութեամբն ու զրպարտութեամբը մարդոց, որոնցմէ մէկը (կենդանի նախատինք) տակաւին իր հասակը կը պտտցնէ հայրենի սուրբ հողին վրայ…

Ապա` սփոփանքը այն իրողութեան առջեւ, որ հայ բանաստեղծ մը քաջութիւնը կ՛ունենայ այնքան բացայայտ կերպով ամբաստանելու անմարդկային ոճիրին հեղինակները եւ, վերջապէս, առիթը կը տրուի իրեն, իր անկեղծ զգացումներն ու մտածումները սեփականութիւնը դարձնելու բովանդակ հայութեան:

Շիրազ այն բանաստեղծն է քանի մը այլ հերոսներու շարքին, որոնք քաջութիւնն ունեցան վերջին հնգամեակի ընթացքին հայութեան զգացումներուն հարազատ արտայայտիչը ըլլալու: Անոնց ու մանաւանդ Շիրազի քերթուածները, իրենց բաբախուն հայրենասիրութեամբ, բոլոր շրթներու վրայ են այսօր: Նոյնիսկ արտասահման կը հասնին, երբ տակաւին չեն տպագրուած:

Շիրազ եւ իր նմանները իրենց ընկերներու անդարձ մեկնումին դառնութիւնը լիուլի ճաշակած ալեկոծ հոգիներ են այսօր, որոնք կ՛ապրին յաճախանքը նուիրական ուրուականներու, անոնց, որոնք Արազ երազած ըլլալով` Վոլկայի դէմ նկատուեցան, Մասիս հառաչած ըլլալով` «հակա» անուանուեցան, ու այդ պատրուակով ալ Սիպերիա քշուեցան` դառնալու անյայտ գերեզմաններու բնակիչը:

  «Քանզի դեռ որ սառում որ քարն էլ վերցնես`
  Շատ գանկեր դուրս կը գան իր տակից,
  Բոլորն էր մաքրախիղճ` Մասիսի ձիւնի պէս,
  Բայց ողջ էլ զրպարտուած մի գանկից:

Զրպարտող գանկը, կասկած չունինք, այն կենդանի նախատինքն է, որ կը կոչուի Նայիրի Զարեան, բազում նահատակներու, ԱՆՄԵՂՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ նահատակներուն կայենատիպ «գրչեղբայր»:

Շիրազի երկարաշունչ քերթուածին մէջ քսանեւչորս տուներու ընդմէջէն կը քակուի կծիկը ահաւոր եղեռնին: Բանաստեղծը կու տայ այդ թուականին Հայաստանի մէջ տիրող սարսափի մթնոլորտը, երբ կ՛ըսէ.

  Ամէն մի գիշեր ահահար ամէն տուն,
  Ամէն սիրտ, ամէն դուռ կը սպասէր,
  Թէ հիմա կը մտնեն, կը տանեն իր որդուն,
  Իր հօրը, կամ իրեն կը տանեն…

Որքան յստակ է Շիրազ մթնոլորտի պատկերացման մէջ: Իր բերնով հայ ժողովուրդն է, որ կը խօսի, իր ընտիր զաւակներու անդարձ մեկնումէն վշտահար: Ժողովուրդը, որուն համար 1937-ի զոհերը` Չարենց, Բակունց, Թոթովենց, Եսայեան եւ բազում ուրիշներ նահատակուեցան այն ճամբուն վրայ, ուր ինկած էին իրենցմէ առաջ, մահուան նոյն կարաւաններով, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Զարդարեան, Զոհրապ շարքը բիւրաւորներու:

Շիրազի անմեղութեան յուշարձանը յաղթահասակ կը կանգնի իւրաքանչիւր հայու խղճին առջեւ, բացի անոնցմէ, որոնք իրենց խիղճը ծախած են կարմիր սատանային:

Թէեւ ազգայնաշունչ բանաստեղծը իր անսահման բարութեամբ կը յուսայ տակաւին, որ իր կանգնած անմեղութեան յուշարձանը պիտի բանայ նաեւ աչքերը «աչքաբաց կոյրերի»:

Անոնց, որոնք արտասահման նստած, հազիւ սկսած են (քսանեւեօթը տարի ետք) կմկմալ ոճիրը` փորձելով արդարացումներ, որոնք անխուսափելիօրէն կը կապուին Ստալինի կամ Բերիայի անուններուն, առանց պարկեշտօրէն ընդունելու, թէ ոճիրին բուն հեղինակը Ստալիններն ու Բերիաները ծնող եւ աստուածացնող վարչաձեւն է եւ անոր գաղափարական պարունակ տուող պոլշեւիկեան վարդապետութիւնը:

Շիրազին պիտի հետեւին ուրիշներ: Ժողովուրդի մը զգացումներուն վրայ դրուած բոլոր քարերը պիտի իյնան, քսան դար առաջ լոյս – գերեզմանի մը վրայ դրուած քարերուն պէս, ու յայտնի կամ անյայտ անուններ, աւելի յստակ ու պարզ պատմութեան էջերուն առջեւ պիտի բանան արիւնալի պատմութիւնը նզովեալ թուականին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )