Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Դրամատան պատասխանատուին հետ հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր հաշիւները կարգադրելու համար: Ջանացէք պահել ձեր դրած գումարները:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, բայց տակաւին վերջնական համոզումի չէք եկած: Քիչ մը եւս սպասեցէք, պէտք եղած գումարը պատրաստեցէք, որպէսզի հանգիստ ճամբորդէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նախքան ճամբայ ելլելը ձեր ինքնաշարժով` ստուգեցէք անոր վիճակը: Այլ գործերու պարագային ալ միշտ նոյնը ըրէք. իսկ ձեր ժամադրութիւններուն պարագային, ճիշդ ժամանակին ներկայացէք ժամադրավայր:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ վրդովիք, երբ իմանաք, թէ ձեզի ծանօթ անձ մը ամբաստանած է ձեզ անիմաստ եւ անիրաւ կերպով: Անմիջապէս ներկայացէք անոր եւ ճշդեցէք իր սխալ տպաւորութիւնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուրախութիւն պիտի ունենաք` իմանալով ձեր ամսաթոշակային յաւելումը կամ նոր  եկամուտի մը մասին: Նիւթականով ինքնաբաւ պիտի ըլլաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շարժանկարային կամ թատերական ներկայացման ներկայ պիտի ըլլաք, ուր պիտի գոհանաք ձեր ճաշակին համեմատ գեղարուեստական երեկոյ մը ունենալով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ մոռնաք ձեր ժամադրութիւնը` ներկայ ըլլալու աշխատանքային օգնութեան մը անձի մը համար, որուն նոր պիտի ծանօթանաք: Օգնեցէք անոր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաւաքական, խմբական աշխատանքի մը պիտի մասնակցիք: Ձեզի պիտի դիմեն, որպէսզի ձեր մասնակցութիւնը բերէք ձեր արուեստին կամ արհեստին ճամբով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նամակ մը պիտի ստանաք հեռաւոր բարեկամէ մը, որ նոյն ատեն իր դժգոհութիւնը պիտի արտայայտէ ձեր անհոգութեան` պահպանելու համար բարեկամութիւնը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարեւոր գումար մը վճարելու պիտի ստիպուիք ձեր գործատեղիին կամ բնակարանային նորոգութեան հարցով: Մի՛ դժգոհիք, ետքը գոհ պիտի մնաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հակառակ սեռի անձ մը պիտի հմայէ ձեզ ոչ միայն սիրոյ զգացումով, այլեւ` իր ունեցած գիտական յաջողութեան եւ տաղանդին համար: Օրը յաջող է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ակռայի կամ գլխու ցաւ մը պիտի ստիպէ ձեզի` հանդիպելու ձեր բժիշկին: Ձեր պարագան բարդ չէ, բայց կանխաւ առաջքը առէք նման ցաւերու կրկնութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES