«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ ՔԻՉ ԹԻՒՈՎ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԿՐՆԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԳԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Գագիկ Մինասեան

Ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու համար իշխանութեան կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբի հանրապետական անդամ Գագիկ Մինասեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը քննարկումներու ընթացքին կրնան քիչ թիւով հարցերու անդրադառնալ:

Ըստ պատգամաւորին, աշխատանքային այդ խումբը ձեւաւորուեցաւ Սերժ Սարգսեանի 17 յունիսի յայտարարութեան հիման վրայ, ուր նախագահը հարցերու չորս խումբ առանձնացուցած էր եւ անոնց լուծման համար ալ ճշգրիտ հասցէատէրեր նախանշած էր: Գագիկ Մինասեան աւելցուց, որ աշխատանքային խումբի լիազօրութիւնները նախագահի խօսքին մէջ յստակ դարձան: Ըստ անոր, նախագահը չորս խումբերուն համար պատասխանատուներ նախատեսած էր:

«Հարցերը, որոնք պէտք է վերաբերին ընտրութիւններուն, անոնց գծով նախագահը ըսած էր, որ անոնք (ընդդիմութիւնը) պէտք է համագործակցին Ազգային ժողովի նախագահին հետ, ընկերային-տնտեսական բնոյթի հարցերը` վարչապետին հետ, այն հարցերը, որոնք ենթակայ են նախագահի լուծման` նախագահի աշխատակազմի ղեկավարին հետ եւ այն հարցերը, որոնք ընդհանուր բնոյթ կը կրեն` ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական խնդիրներն են, ապա այս աշխատանքային խումբին հետ պէտք է քննարկեն», մանրամասնեց Գագիկ Մինասեան: Ըստ անոր, առաջին հանդիպումը շատ բան որոշակի պիտի դարձնէ. հարցադրումներ պիտի դրուին եւ օրակարգը պիտի ձեւաւորուի:

 

Share this Article
CATEGORIES