Ամերիկեան Իշխանութիւնները Կը Փնտռեն «Նոր Սնոուտըն»-ը

0806_The-InterceptԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները եկած են այն եզրակացութեան, որ գոյութիւն ունի երկրի ազգային անվտանգութեան մարզին մէջ գաղտնի տեղեկութիւններու արտահոսքի նոր աղբիւր մը, որ արդէն լրատուամիջոցներուն փոխանցած է գաղտնի սպասարկութիւններուն վերաբերող փաստաթուղթեր:

«Սի.Էն.Էն.» յղում կը կատարէ ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչներուն, որոնք յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հակաահաբեկչական կեդրոնի գաղտնի փաստաթուղթերը փոխանցուած են «Տի Ինթըրսեփթ» համացանցային պարբերականին:

Աւելի ուշ, «Տի Ինթըրսեփթ»-ի մէջ հրապարակուած է յօդուած մը, որուն մէջ պատմուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի նախագահութեան տարիներուն ահաբեկչութեան համար կասկածուող անձերու տուեալներու շտեմարանի ընդլայնման մասին:

Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի լրատուամիջոցներուն ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց ապօրինի գործունէութիւններուն մասին տուեալներ փոխանցած էր գաղտնի սպասարկութեանց նախկին աշխատակից Էտուարտ Սնոուտըն: Ան ներկայիս կը գտնուի Ռուսիա:

 

Share this Article
CATEGORIES