Ռուսիան Եւ Իրանը Պատժամիջոցներուն Պիտի Հակադարձեն Առեւտրական Համագործակցութեան Ամրապնդումով

0806_Tehran-Moscow«Վրեմիա»` վկայակոչելով Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարարութիւնը, կը գրէ, որ Ռուսիան եւ Իրանը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ կը նախատեսէ տնտեսական համագործակցութեան կտրուկ աշխուժացում:

«Քոմերսանթ» օրաթերթը կը գրէ, որ փաստաթուղթը Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ քարիւղային առեւտրական մարզին մէջ միլիառաւոր տոլարներու փաթեթային համաձայնութեան հիմք կը հաստատէ:

Յուշագիրը կ՛ենթադրէ առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնում ելեկտրականութեան ցանցի ենթակառոյցի զարգացման, քարիւղակազային համալիրի, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու, սարքաւորումներու եւ սպառողական այլ ապրանքներու մատակարարման մարզերուն մէջ:

Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարարութեան մէջ յստակացուցած են, որ նշուած ուղղութիւններու ծիրին մէջ շօշափելի համաձայնագիրներ պիտի քննարկուին Թեհրանի մէջ 9-10 սեպտեմբերին` Ռուսիոյ եւ Իրանի միջկառավարական յանձնախումբի նիստին:

Ռուսիա կառավարութեան մէջ եղած աղբիւրներուն համաձայն, տնտեսական կապերու զգալի ուժեղացման մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ անոր իրանցի պաշտօնակից Հասան Ռուհանին համաձայնած էին անցեալ տարի Պիշքեքի մէջ` անոնց առաջին հանդիպումին ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )