Աֆղանիստանի Մէջ Սպաննուած Է Ամերիկացի Բարձրաստիճան Զինուորական Մը

Զօր. Հարըլտ Կրին
«Պի.Պի.Սի. Նիուզ Էյժա» կը հաղորդէ, որ Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ Բրիտանիոյ պատկանող զինուորական ակադեմիայի մը մէջ աֆղան զինուորի մը կողմէ սպաննուած է ամերիկացի հրամանատար մը:
Զօր. Հարըլտ Կրին Աֆղանիստանի մէջ ընթացող պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր սպաննուած ամէնէն բարձր պաշտօնը ունեցող ամերիկացի զինուորականն է: Վիրաւորուած են առնուազն 13 զինուորներ, ներառեալ` երկու բրիտանացի, քանի մը ամերիկացիներ, ինչպէս նաեւ գերմանացի եւ աֆղան հրամանատարներ:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, զօրավարին վրայ կրակ բացած աֆղան զինուորը անմիջապէս սպաննուած է: Դէպքէն ետք պատասխանատուները կասկած յայտնած են, որ ՕԹԱՆ ունակ է աֆղան զինուորները վարժեցնելու:
Ամերիկեան ուժերը Աֆղանիստանէն ամբողջովին պիտի հեռանան 2016-ի վերջաւորութեան:
CATEGORIES Միջազգային

