Փեշմերկաները Կը Յառաջանան Մուսուլի Մէջ

0806_PeshmergaՄուսուլի մուտքին փեշմերկաներու եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները կը շարունակուին: Փեշմերկաները գրաւեցին Մուսուլի հիւսիսը գտնուող Շըլալաթ շրջանը:

Հիւսիսային Իրաքի ինքնավար մարզի փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան բանբեր զօրավար Հելքիւրտ Հիքմաթ յայտնեց, որ ներկայ ճակատամարտը կը բաղկանայ քանի մը հանգրուաններէ, առաջին հանգրուանը աւարտած է եւ սկսած երկրորդ հանգրուանը, «եւ շուտով այս հարցով աւետիս մը պիտի տանք»:

Մինչ այդ, իրաքեան օդուժին եւ փեշմերկաներուն միջեւ գործակցութիւնը շարունակուեցաւ: Քրտական շրջանի խորհրդարանի բանբեր Թարեք Ճոհար յայտնեց, որ փեշմերկաներու հարցով նախարարութեան եւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնն ու համակարգումը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտը արագ կերպով վճռելու ուղղութեամբ «դրական քայլ մըն է»:

Իրաքի վարչապետութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ իրաքեան օդուժին կողմէ ռմբակոծումի մը պատճառով Մուսուլի մէջ սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի 130 զինեալներ, ներառեալ` կազմակերպութեան ղեկավարներ:

Իրան Պատրաստ Է Մուսուլէն Տեղահանուած
Քրիստոնեաներուն Օժանդակելու

Պաղտատի մէջ Իրանի դեսպան Հասան Տանահի յայտարարեց, որ Իրան պատրաստ է «իրաքեան Մուսուլ քաղաքէն տեղահանուած քրիստոնեայ գաղթականներու խնդիրներն ու տառապանքները մեղմացնելու»` ցաւ յայտնելով իրաքեան հասարակութեան եւ մասնաւորաբար քրիստոնեաներուն ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումներուն պատճառով դիմագրաւած ցաւալի պայմաններուն համար:

Դեսպանը վստահեցուց. «Իրան պատրաստ է օժանդակութիւններ տրամադրելու` մեղմացնելու համար տեղահանուած քրիստոնեաներուն, ներառեալ` վիրաւորներուն խնդիրներն ու տառապանքները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )