Քերրի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերակենդանացնելու Պաղեստինեւիսրայէլեան Բանակցութիւնները

Ճոն Քերրի
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կոչ ուղղեց վերակենդանացնելու պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութիւնները եւ հաստատուած զինադադարն ու Գահիրէի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն առիթը օգտագործելու` քննարկելու համար երկու պետութեան հիմամբ լուծումը:
Քերրի յոյս յայտնեց, որ Կազայի մէջ հաստատուած զինադադարը կողմերուն առիթ մը կ՛ըլլայ քննարկելու խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ ոչ ժամանակաւոր հիմնական հարցեր` նշելով, որ այդ հարցերէն են դիմադրութիւնը զինաթափելը եւ «դէպի աւելի լաւ ապագայ յառաջանալը»:
Միւս կողմէ, Պաղեստինեան շարժումները վստահեցուցին, որ Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան զէնքը քննարկումի առարկայ չի կրնար ըլլալ: Նախքան այդ, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ երկարատեւ զինադադարի հաստատման շուրջ Գահիրէի մէջ բանակցութեանց մասնակից իսրայէլեան պատուիրակութիւնը պիտի ներկայացնէ Իսրայէլի գլխաւոր պահանջը` Կազան ապազինեալ շրջանի վերածելը:

