Հարիրի Պաշտօնապէս Յայտարարեց Լիբանանեան Բանակին Կատարուած Սէուտական Օժանդակութիւնը

Սաատ Հարիրի
Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ Ժետտայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց լիբանանեան բանակին կատարուած Սէուտական Արաբիոյ օժանդակութիւնը` շեշտելով, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը իրեն վստահած է Ռիատի կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարի օժանդակութեան յայտարարութիւնը:
Հարիրի շեշտեց, որ ծայրայեղութիւնը կը սպառնայ Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին` ընդգծելով, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը հզօրագոյն զէնքն է` դիմադրելու Լիբանան մուտք գործած ահաբեկիչներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

