Սալամ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ

Ալի Հասան Խալիլ եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր օժանդակութեան համար:
Ան հաստատեց, որ Ռիատի կողմէ բանակին տրամադրուած երեք միլիառ տոլարի օժանդակութեան վրայ աւելցած այդ մէկ միլիառ տոլարը յաւելեալ փաստ մըն է` լիբանանեան պետութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ ցուցաբերած զօրակցութեան:
Այս որոշումը ցուցանիշ է նաեւ, որ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանան առանձին չէ ձգուած եւ կը փաստէ, որ Ռիատ կը մերժէ ահաբեկչութիւնը, յատկապէս այն, որ կը գործուի կրօնի անունով:
Վարչապետ Սալամ ողջունեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին` անոր ազգային կեցուածքներուն համար:
Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ Արսալը կառավարութեան եւ վարչապետ Սալամի առաջնահերթութիւններէն մէկն է:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սալամի, անոր կառավարութեան կողմէ արձանագրուած նուաճումին համար` համալսարաններուն հետ պայմանագրութիւն ստորագրած դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու եւ Լիբանանեան համալսարանի տարբեր հիմնարկներուն նախագահներ նշանակելու առումով:
Սէյիտ Հիւսէյն յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ տրուած որոշումը պիտի գործադրուի ըստ ակադեմական օրինական չափանիշներուն:

