Զօր. Աուն – Ժոմպլաթ Հանդիպում

Ժոմպլաթ եւ զօր. Աուն

Ժոմպլաթ եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք միացեալ հաղորդագրութեամբ մը յայտնուեցաւ, որ հանդիպումը ընթացած է անկեղծ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Քննարկուած են Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական թղթածրարներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Զօր. Աուն եւ Ժոմպլաթ ընդգծեցին առանց նախապայմաններու, բացատրութիւններու եւ ենթադրութիւններու լիբանանեան բանակին կատարեալ զօրակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի դէմ սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու եւ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկու ղեկավարները շեշտեցին, որ ատիկա կարելի է յաջողցնել լիբանանցիներուն անձնական շահերուն իրականացումէն հեռանալով եւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները աշխուժացնելով, ինչպէս նաեւ վերջ տալով նախագահական աթոռին թափուր մնալուն:

Քննարկուեցան նաեւ Ազգային ազատ հոսանք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հեռանկարները եւ Լեռնալիբանանի բազմազանութիւնը պահպանելու կարելիութիւնները` յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )