ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Միջին Արեւելքը աշխարհագրականօրէն կը հանդիսանայ հանդիպման վայրը աշխարհի հզօրագոյն ուժերուն ու անոնց շուրջ կայացած զինակցութիւններուն: Առաւել, այս շրջանին մէջ յառաջ եկած ու սկսած են ամրապնդուիլ շրջանային ուժեր, որոնց շահերն ու յաւակնութիւնները որոշիչ դերակատարութիւն կ՛ունենան շրջանի քաղաքական պատկերի ձեւաւորման մէջ:

Այս տարածաշրջանը, իր ընդերքին մէջ պարունակելով աշխարհի նաֆթային պաշարներուն շուրջ երկու երրորդը, ինչպէս նաեւ` կազային պաշարներուն շուրջ կէսը, կը հանդիսանայ կիզակէտը տնտեսապէս զարգացած թէ զարգացման հոլովոյթի մէջ գտնուող երկիրներուն, որոնց այս զարգացումը մեծապէս պայմանաւորուած է ուժանիւթային աղբիւրներու ապահով պարենաւորումէն, մանաւանդ որ ուժանիւթային այս աղբիւրները շուրջ հարիւրամեակէ մը ի վեր կենարար աւիշներն են սպառողական մեր ընկերութեան եւ այդ հիմքին վրայ կառուցուած նոր, մերօրեայ քաղաքակրթութեան:

Միջին Արեւելքը կը հանդիսանայ այն հողը, որուն վրայ ծնունդ առին միաստուածութեան կրօնները` հրէութիւնը, քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը, որով հոն ամփոփուած են այս կրօններուն շատ մը խորհրդանիշները, որոնց շուրջ պայքարը անմասն չէ շրջանի քաղաքական պատկերի ձեւաւորման մէջ:

Միջին Արեւելքը կը ներկայանայ որպէս ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու խճանկար մը, որոնց միջեւ տարուող պայքարը որոշիչ դերակատարութիւն ունի անոր քաղաքական կացութեան յառաջացման մէջ, մանաւանդ որ անոնք, այդ փոքրամասնութիւնները, իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգներու գնահատումով, կը ձեւաւորեն առնչութիւններ, զինակցութիւններ, մինչեւ իսկ ենթակայութիւն արտաքին ուժերու հետ, այսպիսով շրջանի կայունութիւնն ու կայանալիք հաւասարակշռութիւնները մեծապէս կախեալ դարձնելով այդ ուժերու պայքարներէն ու անոնց միջեւ տարուող մրցակցութիւններէն, աշխարհաքաղաքական հեռանկարներով շրջանին վրայ հակակշիռներու հաստատման եւ շրջանի ուժանիւթային հսկայական հնարաւորութիւններուն շահարկման նպատակով:

Տարածաշրջանը ամբողջ տասնամեակներ կը շարունակէ կրել շրջանին վրայ հաստատուած գաղութատիրութեան, նաեւ անոր յառաջացուցած պետութիւններուն ու սահմանագծումներուն անդրադարձը, մանաւանդ որ այդ սահմանագծումները չեն յարգած ազգային, կրօնական թէ դաւանական որեւէ հիմք եւ կատարուած են կամայականութեամբ ու շրջանին մէջ բոլորին համար անլուծելի խնդիրներ ժառանգ թողելով:

Պալֆուրի խոստումով (1917) հիմը կը դրուէր հրէական ազգային օճախին, բրիտանական հոգատարութեան ենթակայ դառնալիք արաբական տարածքներէն Պաղեստինի մէջ: Հիմը կը դրուէր նաեւ արաբներու եւ հրեաներու միջեւ հետագայ անհաշտ պայքարին, որով պիտի ձեւաւորուէր ու հունաւորուէր տարածաշրջանի 20-րդ դարու պատմութիւնը: Այս պայքարը կը զգենուր ազգային, կրօնական եւ հոգեբանական հակադրութեան եւ առճակատման բնոյթ` իր տարածքային, ժողովրդագրական, կրօնական, խորհրդանիշներու եւ գոյութենական ստորոգելիներով:

Իսրայէլի ստեղծումէն եւ անոր հետ ու զայն կանխարգիլելու փորձերու ձախողութենէն յառաջացած արաբներու յուսախաբութիւնները ծնունդ տուին արաբական արմատական ազգայնականութեան: Արաբ ազգայնական շարժումի անզօրութիւնը շրջելու կացութիւնը, պարտութեան մատնելու Իսրայէլն ու արգելք հանդիսանալու անոր ամրապնդման ու կայացման, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհի առաջնորդութեան յաւակնութիւններն ու անկէ յառաջ եկած արաբական պետութիւններու միջեւ անվերջ պայքարները, կռիւներն ու երբեմն մինչեւ իսկ պատերազմները կը ստեղծէին անկարողութեան ու յուսահատութեան ալիք, որ պիտի հանդիսանար այն պարարտ հողը, որուն վրայ պիտի աճէր իսլամական արմատականութիւնն ու անոր ծայրայեղ դրսեւորում իսլամական ահաբեկչութիւնը:

Անհրաժեշտ է արձանագրել, թէ հակառակ անոր որ շրջանը ունի հսկայական հարստութիւն` կապուած նաֆթային արտահանումներուն հետ, սակայն այդ հարստութիւններու անհաւասար բաշխումը` թէ՛ պետութիւններուն, թէ՛ նոյն պետութեան քաղաքացիներու միջեւ, յառաջ բերած է ծայրայեղ բեւեռացում եւ ընկերային քաոս, ինչպէս նաեւ պետութիւններու միջեւ ու մանաւանդ արաբ ժողովուրդներու միջեւ նախանձ, հակադրութիւն եւ մինչեւ իսկ թշնամութիւն:

Վերջապէս, պէտք է արձանագրել, թէ շրջանն ու շրջանի պետութիւններ աշխատցուած են ներքին հակասութիւններով, քաղաքացիական ընկերութեան կայացման դէմ պատուարներու բարձրացմամբ, ժողովրդավարական զարգացման ամէն լուրջ փորձի բացակայութեամբ եւ այդ ուղղութեամբ ամէն փորձ ճնշելու իշխանաւորներու կամքին ու պետական կառոյցներու ուղղուածութեամբ, անոնց կողմէ իշխանութեան չարաշահմամբ, իշխող վերնախաւի դրածոյ բնոյթով, որուն գոյութիւնը մեծապէս կախեալ է արտաքին հովանաւոր ուժի բարեհաճութենէ, վերնախաւ մը, որ ամբողջովին անհաղորդ է ժողովուրդին բազկերակի զարկին, անոր ապրումներուն, ձգտումներուն, պահանջներուն, տագնապներուն, որով նաեւ բացատրութիւնը` այն անկայունութեան, որ ծնունդն է այս վերնախաւին դէմ ժողովուրդի ցասումին, ցասում մը, որ յաճախ կը յանգեցնէ ծայրայեղութիւններու, որոնց ամենացայտուն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ իսլամական արմատականութեան զարթօնքը այս տարածաշրջանին մէջ, զարթօնք մը, որուն բարձրացուցած ալիքը կը սարսափեցնէ իշխող վերնախաւը ու կը մղէ զայն աւելի եւս ենթակայութեան` զինք հովանաւորող ուժերուն, այսպիսով յառաջ բերելով աւելի եւս ծայրայեղ դրսեւորումներ:

Իսլամական արմատականութիւնը յստակ միտում կը դրսեւորէ արտաքին հովանաւոր ուժերու եւ ի մասնաւորի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ առճակատման հոգեբանական տուեալի օգտագործումով ընդլայնել ժողովրդային իր ենթահողը, մանաւանդ որ գաղափարական այլ հոսանքներ, ինչպէս ազգայնականութիւնը, ընկերվարութիւնը, ամբողջ տասնամեակներ չյաջողեցան փոխել իրերու այս պատկերն եւ ընթացքը եւ յուսախաբութիւններէ յուսախաբութիւն առաջնորդեցին ժողովրդային զանգուածները: Այս հոգեբանական տուեալին կողքին, անոնք ստեղծեցին ընկերային եւ բարեսիրական կառոյցներու հսկայ ցանց մը, որոնց հասցուցած օժանդակութիւնները եւս իրենց բաժինը ունեցան այս շարժումի ծաւալման ու ժողովրդականացման մէջ:

Տասնամեակներ շարունակ Միացեալ Նահանգներու մտատանջութեան աղբիւրը համայնավար եւ համայնավարամէտ ուժերու միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ իշխանութեան հասնելու հաւանականութիւնն էր: Այս էր պատճառը, որ անոնք խաղցան Խոմէյնին ընդդէմ «Թուտէ»ի Իրանի մէջ, իսլամական մոճահիտ շարժումները ընդդէմ Պապրաք Քարմելի ու Հաֆիզոլլահ Ամինի` Աֆղանիստանի մէջ, Սէուտական Արաբիան յաջորդաբար` Նաւերի,  Սատտամ Հիւսէյնի, հարաւային Եմէնի եւ ուրիշներու դէմ, Տիաուլհաքը ընդդէմ Զուլֆիքար Ալի Պութոյին Փաքիստանի մէջ, Համասը ընդդէմ Պաղեստինի Ազատագրութեան շարժումին, Սուրիոյ «Իսլամ եղբայրները» ընդդէմ Հաֆէզ Ասատի, կարելի է երկարել շարքը: Սակայն այս խաղերը գրեթէ ամէնուրեք իրենց փնտռածին, եթէ ոչ հակառակ, նուազագոյնը տարբեր արդիւնքի հասան:

Մինչ Միացեալ Նահանգներու հաշուարկներով Խորհրդային Միութիւնը տակաւին երկար գոյատեւելու կոչուած էր, զայն տկարացնելու, մինչեւ իսկ քայքայելու որեւէ ծրագիր կ՛անցնէր անոր ազդեցութեան գօտին սահմանափակելու այս ընտրանքներէն, հետեւաբար անհրաժեշտ էր Միջին Արեւելքը անոր լծակից ուժերու ազդեցութենէն ու տիրապետութենէն հեռու պահել, որով անհրաժեշտութիւնը տեսան դիմելու ու զօրակցելու իսլամական գործօնին: Սակայն այսօր, անյայտ ժամանակի մը համար, այս գործօնը կը թուի, թէ պիտի շարունակէ հանդիսանալ Միացեալ Նահանգներու հիմնական գլխացաւանքներէն ու շրջանին վրայ անոր հաստատած իրեն համար շահաւէտ հաւասարակշռութեան գլխաւոր սպառնալիքներէն մէկը, եթէ ոչ մեծագոյնը, մանաւանդ որ հաստատուած հաւասարակշռութենէն մեծապէս կախեալ է այս տարածաշրջանին քարիւղի ու կազի դէպի Արեւմուտք ապահով հոսքը, իսկ այդ հոսքէն կախեալ է ճարտարարուեստականացած երկիրներու բարօրութիւնը եւ զարգացումը:

Տարածաշրջանին մէջ հող շահող իսլամական արմատականութիւնը երկար ժամանակ վայելած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ տիրող ուահապականութեան նեցուկը եւ անվերապահ զօրակցութիւնը: Նաֆթային հարստութիւններու ընձեռած հսկայական հնարաւորութիւնները տասնամեակներ շարունակ օգտագործուեցան սէուտական իշխանութիւններուն կողմէ` արաբ ազգայնականութեան դէմ պայքարի եւ զայն հակակշռելու կոչուած իսլամ արմատականութեան (ուահապականութիւն, սալաֆականութիւն) զարթօնքին ու անոր քաղաքական հունաւորման նպատակով: Նիւթական այս հնարաւորութիւնները նաեւ նիւթապէս մատակարարեցին իսլամ արմատականութիւնը ամբողջ իսլամական աշխարհին մէջ: Իսլամ արմատական այս շարժումներուն Աֆղանիստանի մէջ Խորհրդային Միութեան դէմ տարած յաղթանակը նոր երազներու եւ նոր հեռանկարներու նուաճման ձգտումին մղեց զանոնք, այսպէսով շատ աւելի առաջ անցնելով սէուտական իշխանութիւններէն ու անոնց գծած սահմաններէն ու սահմանափակումներէն: Այս երեւոյթին ծնունդ էր Ալճերիոյ քաղաքացիական պատերազմը (1992-1998), որ խլեց աւելի քան 150.000 զոհ, Սուտանի մէջ Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը: Պաղեստինի մէջ ունեցան  «Համաս» եւ «Ժիհատ իսլամի», որոնք սկսան մարտահրաւէր կարդալ պաղեստինեան իշխանութիւններուն ու անոնց` Իսրայէլի հետ հաշտութեան հասնելու միտող խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն, այս ուղղութեամբ անոնց հնարաւոր զիջողականութիւնը մերժելու յստակ առաջադրանքով: Ունեցանք «Քայիտա» եւ 11 սեպտեմբեր: 11 սեպտեմբերը միջազգային քաղաքական բեմ տեղադրեց միջազգային ահաբեկչութեան հասկացողութիւնը իր իսլամական ծայրայեղականութեան երանգով, իսլամ միջավայրին մէջ յառաջացուցած յուզումի իր հսկայ ալիքով ու Միացեալ Նահանգներու կողմէ «կանխարգելիչ միջամտութեան իրաւունք»ի հայեցակարգի ամրագրմամբ: Որով Միացեալ Նահանգներու արշաւանքները Աֆղանիստանի ու Իրաքի մէջ, միջամտութեան սպառնալիքը Եմէնի մէջ, բացայայտ ուղղորդումը Լիբանանի մէջ քաղաքական ու ապահովական զարգացումներուն, Սուրիան եւ Իրանը պատժելու եւ անոնց վարչակարգերու փոփոխութեան միտող քայլերը եւ այլն…:

Տարածաշրջանին վրայ հակակշիռներու հաստատման ու անոր դէմ պայքարի ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները յառաջ կը բերեն արաբական աշխարհի վարչակարգերուն միջեւ անհասկացողութիւն եւ յաճախ թշնամանք, որով միացեալ ռազմավարութեան մը բացակայութիւնը` արաբական աշխարհի հնարաւորութիւններու մէկտեղման, միաւորման ու այդ հնարաւորութիւնները արաբ ազգին նիւթական ու մարդկային հնարաւորութիւններուն զարգացման ուղղութեամբ, որ միակ ճանապարհն է ծայրայեղականութեան ու արմատական շարժումներուն ժողովրդային նեցուկի թուլացման ու զանոնք պարտութեան մատնելուն հասցնող:

Այս փաստը նաեւ հիմնական խոչընդոտն է արաբական աշխարհի նիւթական, մարդկային ու ժողովրդագրական պատկերին համապատասխանող քաղաքական տեղին ու դերին հաստատման արաբական աշխարհի ձգտումին: Որով նաեւ բացատրելի է աճող հմայքը եւ դերակատարութիւնը շրջանային ուժերուն, ի մասնաւորի Թուրքիոյ եւ Իրանի, նաեւ` արաբ ժողովուրդներու ակնկալիքներն ու մտավախութիւնները այս երկու շրջանային ուժերէն:

Թուրքիա, որ շուրջ յիսնամեակ մը հանդիսացաւ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան զինակցութեան անշրջանցելի դաշնակիցն ու հիմնական երկու խարիսխներէն մին (Իսրայէլի կողքին), ինչպէս նաեւ յենակէտը` Խորհրդային Միութեան դէմ Արեւմուտքին մղած պայքարին, մեծապէս օգտուեցաւ այս դերակատարութենէն` քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական գետիններուն վրայ հաւասարապէս: Ան ճնշող ազդակ կը հանդիսանայ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի վրայ: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք անոր վստահուեցաւ թրքացեղ ժողովուրդներով բնակուած երկիրներուն մէջ արեւմտեան ազդեցութեան տարածման գործօնի եւ իսլամականութեան տարածման դէմ պայքարի ու պատուարի կանգնեցման պարտականութիւնը: Սակայն ռուսական զարթօնքը, ռուսական ազդեցութիւնը թեթեւցնելու ճիգ թափող թրքացեղ ժողովուրդներուն ու այդ երկիրներու ղեկավար խաւի զգուշաւորութիւնն ու վերապահութիւնը ազդեցութիւն մը այլ ազդեցութեամբ փոխարինելու թրքական ձգտումին դիմաց, մանաւանդ երբ այդ ազդեցութիւնը սկսաւ թելադրող, երբեմն ալ պարտադրող հանգամանք ստանալ, վերջապէս Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւններու իսլամական թեքումն ու իսլամականութեան հանդէպ այդ երկիրներու թէ՛ իշխանութիւններու, թէ՛ ժողովուրդի զգուշաւորութիւնը կը բացատրեն Թուրքիոյ շրջադարձը դէպի Միջին Արեւելք, ուր ան կը յաւակնի առաջնորդող դերակատարութիւն ունենալ:

Թուրքիա շրջանային գերուժ է եւ որպէս այդպիսին հետը կը յարաբերին շրջանի բոլոր երկիրները անխտիր: Որպէս այդպիսին կը քաջալերուի անոր դերակատարութիւնը ընդհանրապէս իսլամական աշխարհին, բայց մանաւանդ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ` թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Եւրոպական Միութեան կողմէ: Մանաւանդ սիւննի հակակշռելի ու անոր միջոցով Իրանը հակակշռող առանցքի մը ձեւաւորման առաքելութեամբ, որպէս շրջանի կայունացման հիմնական դերակատար:

Հակառակ Արեւմուտքին հետ ի յայտ եկած որոշ անհասկացողութիւններուն ու շահերու բախման` Թուրքիա վերոնշեալ հաստատումներով կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու անհրաժեշտ դաշնակիցը, դժուար շրջանցելի, նոյնիսկ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու յենակէտերու բազմացման պայմաններուն մէջ, նոյնիսկ Իրաքի դէմ պատերազմի կապակցաբար թրքական կեցուածքին, Իրանի հետ խորացող տնտեսական գործակցութեան եւ Իսրայէլի հանդէպ արտայայտուող կծու կեցուածքներուն ու դիրքորոշումներուն պայմաններուն մէջ: Սակայն Թուրքիոյ քաղաքական համակարգին մէջ դրսեւորուող հակասութիւններն ու հակադրութիւնները, քաղաքական ներկայի իշխանութիւններուն եւ ազգաբնակչութեան մեծամասնութեան մէկ կողմէ եւ խորքային պետութեան ու զինուորական իշխանութեան միւս կողմէ, կը ստեղծեն շփոթ ու անորոշութիւն Թուրքիոյ հետագայ քաղաքական ընտրանքներուն կապակցաբար: Իսկ Թուրքիոյ ազգաբնակչութեան բազմազգեան եւ բազմահամայնքային (սիւննի, ալեւի) կառուցուածքը եւ քրտական մշտարծարծ հարցը աւելի եւս անկայուն կը դարձնեն երկիրը իր դիմագրաւած ռազմավարական ընտրանքներուն շուրջ Եւրոպայի յարիլ ու շարունակել անոր անդամակցութեան ձգտիլ, այս ընտրանքին հետ կապուած շատ մը պարտաւորութիւններով հանդերձ, թէ ջանալ ստանձնել իսլամական  աշխարհի առաջնորդութիւնը անոր կապած քաղաքական ընտրանքներուն յարմարեցնելով Թուրքիոյ կեցուածքներն ու քաղաքական ու ռազմավարական ընտրանքները, որ կ՛ենթադրէ թուլացնել Իսրայէլի հետ հաստատած ռազմավարական դաշինքը` այդ դաշինքէն ձեռք բերած քաղաքական շահերէն հրաժարելով:

Թուրքիա հանդիսանալով դէպի ճարտարարուեստականացում սրընթաց յառաջացող երկիրը` անոր ուժանիւթային կարիքները մնայուն վերելքի մէջ են: Այդ կարիքներու անխափան ապահովման առաջադրանքը եւս կ՛ուղղորդէ անոր քայլերը շրջանին մէջ: Որով պէտք է բացատրել նաեւ Իրանի հետ սերտ գործակցութիւնը, ի մասնաւորի` տնտեսական մարզին մէջ, որ իրեն հետ կը բերէ նաեւ քաղաքական քայլեր, Իրանի հետ հանդուրժողութեամբ յատկանշուող ներկայ քաղաքականութիւնը, նոյնիսկ երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գլխաւորէ համայնքային դաւանական բնոյթով երկու տարբեր պլոքներ, Թուրքիոյ պարագային սիւննի, Իրանի պարագային` շիի պլոքներ, որոնց միջեւ հակադրութիւնը, լարուածութիւնը վերջին հնգամեակին իր գագաթնակէտին հասած է: Թուրքիա կը ձգտի իրանեան կազի եւ իրաքեան նաֆթի տարանցումի մեծագոյն ուղին դառնալ:

Վերջին շրջանին, ի մասնաւորի 2004-էն սկսեալ, Սուրիոյ դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ վարչակարգին սպառնացող վտանգները կը մղեն զայն սերտ գործակցութեան ձեռք մեկնելու Թուրքիոյ` հակառակ ժառանգուած տարածքային, ջրային եւ քաղաքական առկայ խնդիրներուն: Թուրքիա այս առիթը լաւագոյնս կ՛օգտագործէ Սուրիոյ մէջ նախապատուութիւն վայելող խօսակիցի կարգավիճակ ձեռք բերելու համար: Այս մէկը ան կը ծառայեցնէ Արեւմուտքին մօտ ինքզինք ընդունելի ու յուսալի կամուրջ ներկայացնելու, անոր ու Սուրիոյ միջեւ, մանաւանդ որ վերջին հինգ տարիներուն հոլովոյթը ապացուցեց, թէ Սուրիոյ դերակատարութենէն մեծապէս կախեալ է շրջանի շատ մը երկիրներու ներքին կայունութիւնը (Իրաք, Լիբանան, Պաղեստին) եւ այդ երկիրներուն մէջ ծայրայեղ իսլամականութիւնն ու անոր ահաբեկչական դրսեւորումներու հակակշռումը:

Վերջին շրջանին յարաճուն մագլցում արձանագրող սիւննի-շիի հակադրութիւնը մեծապէս բարձրացուցած է Թուրքիոյ դերն ու նշանակութիւնը սիւննի առանցքին մէջ: Ան կը դիտուի որպէս սիւննի առանցքին հնարաւոր հակակշիռը շիի առանցքին մէջ Իրանի չափին ու հնարաւորութիւններուն: Այս մէկը կը մղէ Ծոցի արաբական երկիրները, Յորդանանը եւ Եգիպտոսը` աւելի եւս սերտացնելու իրենց յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, որպէս այդ սիւննի առանցքին հիմնական ուժին, որպէս շրջանի այդ երկիրներու կայունութեան պահպանման հիմնական գործօն:

Իրան, իր աւելի քան 75 միլիոն բնակչութեամբ, իր նաֆթային ու կազային հսկայական հարստութեամբ ու իր բանեցուցած ազդեցութեամբ շրջանի ժողովուրդներուն շիի հատուածին մօտ կը հանդիսանայ շրջանային գերուժերէն մին: Ան կիզակէտն է Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետաքրքրութեան, մանաւանդ ան ի վիճակի է ազդու դերակատարութիւն ունենալ ու շրջանի նաֆթային պաշարներով հարուստ երկիրներու կայունութեան վրայ, նկատի ունենալով, որ այդ երկիրներուն ժողովուրդներուն կարեւոր տոկոս մը, շիի դաւանանքի պատկանելիութեամբ, մեծապէս կ՛ազդուի Իրանէն ու Իրանի ընտրանքներէն: Արաբական թերակղզիին մէջ կայունութեան պահպանումը եւ արաբական աշխարհին մէջ օրըստօրէ սրող սիւննի – շիի դաւանական եւ քաղաքական հակամարտութիւնն ու ճակատումը հակակշռելու բանալիներէն շատեր կը գտնուին Իրանի ձեռքը: Եթէ նկատի ունենանք այն փաստը, թէ աշխարհի ուժանիւթային աղբիւրներու աւելի քան 60 առ հարիւրը կը գտնուի այս տարածքին մէջ, կը հասկնանք այն կարեւորութիւնը, որ կը ներկայացնէ այդ երկիրներու կայունութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու հետ հասկացողութեամբ յատկանշուող վարչակարգերու գոյութիւնը` ուժանիւթային ապահով մատակարարման տեսակէտէն: Իրանի յառաջխաղացքը շրջանի մէջ կ՛արտայայտուի Իրաքի մէջ ձեւաւորուող իշխանութեամբ Սուրիոյ հետ ամրապնդուող զինակցութեամբ, Լիբանանի մէջ շիիներու ազդեցութեան աճով ու Հըզպալլայի դերակատարութեամբ, Պաղեստինի մէջ «Համաս»ի կայացումով, Պահրէյնի մէջ շիիներու զարթօնքով, Եմէնի մէջ հուսիներու շարժումով, որոնց դէմ շարժած սէուտական բանակը վերջերս անփառունակ պարտութիւն մը կրեց, Քուէյթի շիիներու միաւորումով եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ծաւալող քաղաքացիական հասարակութեան ուղղութեամբ բարձրացող պահանջներով, պահանջներ, որոնք յառաջապահ դիրքերու վրայ կը գտնուին այդ երկրի շիիները, որոնք կը բնակին հիմնականին մէջ նաֆթի պաշարներով հարուստ Ծոցի ափամերձ տարածքներուն մէջ: Այս ազդեցութիւնը ու այս ազդեցութենէն բխող սպառնալիքները արաբական այդ երկիրներու անկայունացման ուղղութեամբ որոշիչ դերակատարութիւն ունին Իրանը հարուածելու Միացեալ Նահանգներու զգուշաւորութեան մէջ, սանձելու համար Իրանի հիւլէական յաւակնութիւնները ու կործանելու  Իրանի հիւլէական ենթակառոյցը:

Հոս անհրաժեշտ է յատուկ անդրադառնալ շիիներու հաւաքական յիշողութեան, ուր առկայ են իրենց հանդէպ դարերով վարուած խտրականութիւնն ու հալածանքները, որոնք երբեմն հասած են զանգուածային ջարդերու մակարդակին: Որով նաեւ դժուարութիւնը` ընդունիլ տալու անոնց սիւննի տիրապետութեամբ երկիրներու մէջ շարունակելու  ապրիլ այնպէս, ինչպէս ապրեր են դարեր շարունակ, մանաւանդ երբ կը զգան,  թէ իրենց նեցուկ ունին «հզօր» Իրանը, այնպէս` ինչպէս իրենք կը տեսնեն զայն:

Այս խտրականութիւնը վարուած է նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու իւրաքանչիւրի ազգային մեծամասնութեան կողմէ` փոքրամասնութիւններու նկատմամբ: Իսլամ քաղաքական մշակոյթին մէջ «ումմա» հասկացողութիւնը կը միաւորէ իսլամական աշխարհը, որով նաեւ մերժումը եւ ճնշումը` իսլամ ազգային փոքրամասնութիւններու ինքնուրոյնութեան ձգտումին: Իսկ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները կը դիտուին որպէս օտար եւ ենթակայութեան արժանի եւ ենթակայութեան պարտաւոր տարր: Արաբ ազգայնականութեան պարագային, փոքրամասնութիւններու ինքնուրոյն գոյութեան ձգտումը դիտուած է կասկածանքով ու յաճախ նկատուած է արտաքին ազդեցութիւններու եւ թափանցումներու լծակ ու միջոց, որով նաեւ փոքրամասնութիւններու հարցի յառաջացուցած  անկայունութիւնը` շրջանի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ:

Փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ դրսեւորուող անհ

Share this Article
CATEGORIES