ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՏԱՐԱԾՈՒԻ՞ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐ
Այն պահուն, երբ արաբական ապստամբութիւնը կը տարածուի ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ, պաղեստինցի ղեկավարներ կը դիմագրաւեն իրենց սեփական օրինականութեան տագնապները:
Պի. Պի. Սի.ի թղթակից Տոմինսըն Ռամալլայէն կը գրէ:
«Պաղեստինեան ղեկավարութեան մէջ օրինականութեան խնդիր մը կայ», յայտնեց Ղասսան Խաթիպ, Այսրյորդանանի Ռամալլա քաղաքի իր գրասենեակին մէջ` իր ակնոցին վրայէն նայելով:
«Բան մը ըսէ, որ մենք չենք գիտեր», պիտի ըլլար պաղեստինցիներէն շատերուն պատասխանը:
Բայց, ինչ որ արտասովոր էր, Ղասան Խաթիպ պաղեստինեան ղեկավարութեան անդամ է:
Ան կառավարութեան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէնն է եւ` վարչապետ Սալամ Ֆայեատի մօտիկ խորհրդական մը:
Պատասխանատուութիւն եւ հաշուեկշիռ չկայ», ցաւով ըսաւ ան, երբ ժողովրդավարամէտ ապստամբութիւնը կը բորբոքի արաբական աշխարհին մէջ:
ՄՐՑԱԿԻՑ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ
«Կրնամ ես ըլլալ… Եգիպտոսէն եւ Թունուզէն ետք», կատակեց Մահմուտ Ապպաս:
Եւ ան ճիշդ է: Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի պաշտօնավարութեան ժամկէտը երկու տարի առաջ աւարտեցաւ, բայց ան իշխանութեան վրայ կը մնայ:
Խորհրդարանական ընտրութիւնները ջնջուեցան 2010-ին եւ այժմ տարի մը ուշ են:
Ռամալլայի մէջ խորհրդարանը աւելի քան երեք տարիէ ի վեր օրէնք մը չէ վաւերացուցած:
Այսրյորդանանի պաղեստինեան ամբողջ կառավարութիւնը երկու շաբաթ առաջ հրաժարեցաւ, ցարդ նոր մը չէ կազմուած:
Նոյն ատեն պաղեստինցիք քաղաքականապէս եւ աշխարհագրականօրէն պառակտուած, երկփեղկուած են. իսլամական Համաս շարժումը կ՛իշխէ Կազայի մէջ, իսկ իրենց աշխարհիկ մրցակիցը` ՖԱԹՀ, կը կառավարէ Այսրյորդանանը:
Երկու հատուածները հազուադէպօրէն լաւ բառ մը կ՛ըսեն իրարու մասին:
«Եգիպտոսէն եւ Թունուզէն ետք, Աստուած գիտէ, թէ յաջորդը ո՛վ պիտի ըլլայ», կատակեց Ապպաս Ռամալլայի մէջ ճառ մը խօսած ատեն (երկու շաբաթ առաջ):
«Մի՛ խնդաք: Ես կրնամ ըլլալ», ըսաւ 76-ամեայ ղեկավարը:
Կը թուէր, թէ ոմանք, թէ վստահ չէին ինչպէ՛ս արձագանգել. արդեօք անոր հետ կը խնդա՞յին, թէ՞ վրան կը խնդային:
«ԲՈԼՈՐ ՇՈՒՆԵՐԸ»
Բազմաթիւ պաղեստինցիները տօնեցին Եգիպտոսի մէջ Հիւսնի Մուպարաքի եւ Թունուզի մէջ Զէյն Էլ Ապտին Պըն Ալիի տապալումը:
Մենք որո՞ւ դէմ ապստամբինք: Եթէ ուզենք ըմբոստութիւն ընել,
մենք պէտք է ըմբոստանանք բռնագրաւողին` Իսրայէլի դէմ։
Պաղեստինցի ուսուցիչ մը
«Երկու տապալած, 20 տապալելիք» գրուած էր անցեալ ամիս Ռամալլայի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարութեան կողմնակիցներուն բարձրացուցած պաստառին վրայ:
«Յուսամ այդ պոռնկորդի (զօրավար Մուամար) Քազաֆին ըլլայ յաջորդը», ըսաւ պաղեստինցի մը դիտելով Լիպիոյ մէջ ստեղծուած քաոսը:
«Արաբ բոլոր ղեկավարներն ալ նոյնն են ու ինծի հետ կատակեց 70-ամեայ մարդ մը, իր պարտէզին մէջ: – Ոմանք գերմանական գամփռներ են, ոմանք` գանգրահեր շուներ: Բայց բոլորն ալ` շուներ»:
Իսկ պաղեստինեան ղեկավարութիւնը հաւանաբար մտահոգուելու պատճառ ունի:
Փետրուարին Այսրյորդանանի մէջ քանի մը ցոյցեր տեղի ունեցան: Ամէնէն բազմամարդերուն քանի մը հազար հոգի մասնակցեցաւ:
Կազայի մէջ, ժողովրդավարութեան կողմնակից գործիչներ Համասի դէմ ցոյցեր կայացնելու կոչեր ըրին: Բայց իսլամական շարժումը չարտօնեց:
Ամբողջութեան մէջ, թէեւ, պաղեստինեան ցոյցերը աւելի փոքր չափի են` բաղդատած շրջանին մէջ այլ ցոյցերու հետ:
Մէկ հարցը այն է, թէ պաղեստինցիք վստահ չեն` որո՞ւ ուղղել իրենց յուսախաբութիւնը, ցասումը:
«Որո՞ւ դէմ ապստամբինք», կը հարցնէ տոքթ. Ժամիլ Ասմա, որ անգլերէն կ՛ուսուցանէ Կազայի Ազհար համալսարանին մէջ:
«Եթէ մենք կ՛ուզենք ապստամբիլ, պէտք է ապստամբինք բռնագրաւողին` Իսրայէլի դէմ»:
Բազմաթիւ պաղեստինցիներ կը բաժնեն Միջին Արեւելքի այլ վայրերու մէջ արտայայտուող յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը` աղքատութեան, գործազրկութեան բարձր համեմատութեան եւ առիթներու չգոյութեան դէմ:
Բայց փաստը այն է, որ անոնք միաձայնութեամբ Իսրայէլի երկարատեւ զինուորական բռնագրաւումը կը մեղադրեն իրենց դժուարութեանց եւ խնդիրներուն համար:
Իսրայէլ 1967 թուականէն ի վեր գրաւած է Այսրյորդանանը, Կազան եւ Արեւելեան Երուսաղէմը:
ՖԱԹՀ-ի քաղաքական գործիչներու կոչով փետրուարի վերջաւորութեան «Պաղեստինեան ցասումի օր» մը կայացաւ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ հրէական բնակեցման վայրերու կառուցումը դատապարտող ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը վեթոյի ենթարկելու Միացեալ Նահանգներու քայլին դէմ:
Ասիկա պաղեստինցիները միացնող դատ մը կրնայ ըլլալ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ
Նոյն ատեն, սակայն, պաղեստինեան ղեկավարութեան մէջ կը շարունակէ անգոյ մնալ միասնականութիւնը:
Քանի մը շաբաթ առաջ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս եւ իր ՖԱԹՀ կուսակցութիւնը առաջարկեցին յառաջիկայ սեպտեմբերին խորհրդարանական եւ նախագահական յապաղած ընտրութիւնները կայացնել: Համաս անմիջապէս մերժեց այս առաջարկը` նշելով, որ նախ անհրաժեշտ է քաղաքական հաշտութիւն:
Նախագահ Մահմուտ Ապպաս ետդարձ ըրաւ եւ յայտարարեց, որ առանց Համասի մասնակցութեան` ընտրութիւններ չեն կրնար տեղի ունենալ:
Եւ այսպէս կը շարունակուի. ետ-յառաջ, աջ ու ձախ…:
Համաս հաւանաբար պատճառ ունի զգուշանալու նոր քուէարկութենէ մը:
Կուսակցութիւնը շահեցաւ վերջին ընտրութիւնները (2006), որոնք ընդհանրապէս ազատ եւ արդար նկատուեցան: Բայց միջազգային հանրութիւնը եւ Իսրայէլ մերժեցին արդիւնքները ընդունիլ:
Հետեւանքը եղաւ դառն, երբեմն վայրագ երկփեղկումը` Համասի եւ ՖԱԹՀ-ի:
Վերջերս տեղի ունեցած հարցախոյզերու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ պաղեստինցիները մտահոգող գլխաւոր հարցը այն է, թէ երկու կողմերը դադրեցնեն հակամարտութիւնը, գժտութիւնը:
Այնպէս կը թուի, թէ ղեկավարները ցարդ չեն լսեր:
Եւ այս պառակտումն է, որ կը մնայ պաղեստինեան ղեկավարութեան օրինականութեան հարցին կորիզը: