ՔԱԶԱՖԻԻ ՈՐԴԻԻՆ` ՍԷՅՖԻ ԿԱՊԵՐԸ ԼՈՆՏՈՆԻ ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ԵՒ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՀԵՏ

Կիրակի, 20 փետրուարին, Սէյֆուլ Իսլամ Քազաֆի` Լիպիոյ ղեկավար զօրավար Մուամմար Քազաֆիի որդին, տեսնուեցաւ երկրի ազգային պատկերասփիւռի կայանէն` ցուցարարներուն յանձնարարելով, որ հեռանան փողոցներէն կամ դիմակալեն արեան գետեր:

Բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան համալսարանին մէջ, Քազաֆիի հետ կապերու դէմ

Հակադրութիւնը իր ելոյթին եւ հիւր դասախօսին` Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան համալսարանին մէջ, երկու տարի առաջ, չէր կրնար աւելի սուր, ամուր ըլլալ:

Նոր նուիրած ըլլալով շուրջ 3 միլիոն տոլար համալսարանի Համաշխարհային կառավարման միաւորի ֆոնտին` Սէյֆ Քազաֆի ներկայացուեցաւ ջերմօրէն, փայլուն կերպով, համալսարանի դասախօս Տէյվիտ Հելտի կողմէ, որ ըսաւ. «Ես Սէյֆին ծանօթ եմ, կը ճանչնամ զայն` իբրեւ մէկուն, որ ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական ընկերութեան եւ խոր ազատական արժէքները կը նկատէ իր ներշնչումին կորիզը»:

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ` ՄԵՐԺՈՒԱԾ

Բայց նոյնիսկ Սէյֆ Քազաֆի չկրցաւ լուրջ դէմք մը պահել, երբ սկսաւ խօսիլ Լիպիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մասին:

«Տեսականօրէն Լիպիա աշխարհի մէջ ամէնէն ժողովրդավար երկիրն է», ըսաւ ան` ունկնդիրներուն խնդուքը յառաջացնելով եւ ապա քմծիծաղով` աւելցուց.

«Տեսականօրէ՛ն, տեսականօրէ՛ն»:

Արագօրէն հասնելով ներկայ օրերուն, փրոֆ. Տէյվիտ Հելտ սահմռկած է Լիպիոյ պատկերասփիւռէն արտասանուած Սէյֆ Քազաֆիի խօսքէն, եւ Լոնտոնի Տնտեսագիտական համալսարանի ուսանողները գրաւեցին հիմնարկին գրասենեակները` իբրեւ բողոք Քազաֆիի հետ յարաբերութեանց, եւ համալսարանը պախարակուեցաւ, եւ պահանջուեցաւ, որ մերժէ նուիրատուութիւնը:

Իբրեւ վերջին դժուարութիւն, կնճռոտութիւն` համալսարանին պարտադրուեցաւ հետաքննել այն պնդումները, թէ Լոնտոնի  Տնտեսագիտական համալսարանէն Սէյֆ Քազաֆի բանագողութեամբ ստացած է տոքթորայի վկայականը, կոչումը:

Հեգնանքը ատոր վերնագիրին` «Քաղաքացիական ընկերութեան դերը համաշխարհային կառավարման հաստատութիւններու ժողովրդավարացման մէջ», ոչ ոքի աչքէն վրիպեցաւ:

«Ասիկա կարկանդակին վրայ յաւելեալ հաւկիթներ արձակել է: Մարդը բաւականաչափ վատ է, չար է. պէտք չկայ աւելցնելու, որ նաեւ բանագող է»:

Լորտ Տեսայի

ՍՈՐՎԵԼՈՒ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆ

Բայց Սէյֆ Քազաֆիի քննութիւնը վարողը, սրբագրողը` հանրածանօթ տնտեսագէտ լորտ Տեսայ կ՛ըսէ, թէ Քազաֆի շահած է տոքթորական կոչումը, եւ թէ` Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան համալսարանը ճիշդ ըրած է անոր նուիրատուութիւնը ընդունելով:

Ինք միայն կը ցաւի, որ Սէյֆ Քազաֆի չէ կրցած ժողովրդավարութեան մասին բաւականաչափ սորվիլ, ըսաւ լորտ Տեսայ եւ աւելցուց. «Ես լսեցի աւարտաճառը, ես այլ դասախօսի մը հետ զինք քննութեան ենթարկեցի, ինք շա՜տ, շա՛տ կատարեալ պաշտպանեց աւարտաճառը, առանձինն, եւ չեմ կարծեր, որ պէտք է ենթադրել, թէ անձամբ ինք չէ պատրաստած ատիկա:

«Ասիկա կարկանդակին վրայ յաւելեալ հաւկիթներ արձակել է: Մարդը բաւականաչափ վատ է. պէտք չկայ աւելցնելու, որ նաեւ բանագող է»:

Լոնտոնի Տնտեսագիտական համալսարանը բրիտանական միակ հաստատութիւնը չէ, որ կ՛առնչուի Սէյֆ Քազաֆիի անունին: Ան «Բուսած է» բոլոր տեսակի հանդիպումներու եւ յարաբերութեանց մէջ:

Ան Թոնի Պլերը նկարագրեց իբրեւ ընտանեկան բարեկամի, թէեւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետը կ՛ըսէ, թէ ինք միայն մէկ անգամ հանդիպած է Սէյֆ Քազաֆիի` վարչապետի պաշտօնը ձգելէն ի վեր, եւ թէ` առեւտրական ոչ մէկ յարաբերութիւն ունի անոր հետ:

«Քազաֆի ընտանիքը Լիպիոյ մէջ ամէն ինչ իր հսկողութեան տակ առած է եւ առանց ընտանիքի վաւերացումին` դէպի դուրս կամ դէպի ներս ներդրումներու ոչ մէկ համաձայնագիր կը ստորագրուի»:

Երեսփոխան Տանիըլ Քաուչինսքի

 

ԶԵԽ ԱՊՐԵԼԱՁԵՒ

Բրիտանիոյ առեւտուրի պատուիրակը` Եորքի դուքսը, հիւրասիրած, ընդունած է Սէյֆ Քազաֆին Պաքինկհամ պալատին մէջ, թէեւ պալատի բանբերը կ՛ըսէ, թէ Սէյֆ բարեկամ, ընկեր մը չէ:

Կայ նաեւ Բրիտանիոյ առեւտուրի նախկին նախարար լորտ Մանտելսընը, որ Սէյֆ Քազաֆիի հետ հանդիպած է քանի մը անգամ, որոնցմէ մէկը բրիտանացի դրամատէր Նաթ  Ռոչիլտի Քորֆուի ամարանոցին մէջ տեղի ունեցած է:

Ե՛ւ Ռոչիլտ, ե՛ւ իր գործընկերը` ռուս սակաւապետ Օլեկ Տերիփասքա հրաւիրուեցան Սէյֆ Քազաֆիի 37-րդ տարեդարձի հաւաքին, Մոնթենեկրոյի մէջ:

Լոնտոնի մէջ Սէյֆ Քազաֆի զեխ կեանք մը ապրած է: Երկու տարի առաջ ան փոխադրուեցաւ Լոնտոնի հիւսիսը գտնուող եւ 20 միլիոն տոլար արժող տուն մը, որ շարժապատկերի ներքին դահլիճ մը ունէր, եւ որ կը գտնուէր միլիառատէրերու շրջանին մօտ:

Լիպիական Ներդրումի իշխանութիւնը եւս կալուածներ ունի Լոնտոնի Օքսֆորտ փողոցին եւ Թրաֆալկար հրապարակին վրայ (ամէնէն սուղ վայրերը):

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԵՂՁՈՒՑԻՉ ՃՆՇՈՒՄ

Միշտ բարակ, նուրբ գիծ մը եղած է Քազաֆիի դրամին եւ լիպիական դրամին միջեւ. պատճառներէն մէկը, որ Սէյֆ Քազաֆին շատ ազդեցիկ եղած է:

Երկու տարի առաջ Սէյֆ Քազաֆի Լոնտոնի հիւսիսը գտնուող եւ 20 միլիոն տոլար արժող տուն մը փոխադրուեցաւ

«Քազաֆի ընտանիքը Լիպիոյ մէջ ամէն ինչ իր հսկողութեան տակ առած է եւ առանց ընտանիքին վաւերացումին` դէպի ներս կամ դէպի դուրս ներդրումներու ոչ մէկ համաձայնագիր կը ստորագրուի», ըսաւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Տանիլ Քաուազինսքի, որ Քազաֆի ընտանիքին մասին գիրք մը գրած է եւ կը գլխաւորէ բրիտանական բոլոր կուսակցութիւններու խորհրդարանական խումբը Լիպիոյ համար:

«Անոնք մինչեւ հիմա տնտեսութեան վրայ ամբողջական եւ հեղձուցիչ ճնշում հաստատած են: Ես աշխարհի մէջ այսպիսի բան չեմ տեսած», աւելցուց Տանիէլ Քաուազինսքի:

Փաստը այն է, որ միշտ պատճառ մը եղած է մտերմանալու Սէյֆի հետ, որ մինչեւ վերջերս կը նկատուէր քարիւղով առատ եւ հարուստ երկրին գահաժառանգը:

Ուշ կամ կանուխ, ծերունին` զօրավար Քազաֆի պիտի մեկնի եւ իր ուխտեալ արեւմտամէտ եւ, ըստ երեւոյթին, բարեկարգչական որդին իշխանութիւնը պիտի ստանձնէ:

Միայն թէ այնպէս կը թուի, թէ ատիկա այդ ուղիով պիտի չընթանայ, եւ անոր հետ առնչուողները այժմ սկսած են այդ յարաբերութեան գինը հաշուել:

ՄԱԹ ՓՐՈՃԸՐ

«Նիուզնայթ»

Share this Article
CATEGORIES