Բրիտանիա Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Կոչ Կ՛ուղղէ Մեղմացնելու Լարուածութիւնը
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ բռնութեան վերջին սրման կապակցութեամբ:
Բրիտանիան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ միջոցառումներու ձեռնարկելու լարուածութեան մեղմացման եւ հրադադարի դրութեան պահպանման ուղղութեամբ: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յիշեցուցած է հրադադարի մասին համաձայնութեան 20-ամեակի կապակցութեամբ Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընի յայտարարութեան մասին, ուր նշուած էր. «Խաղաղ համաձայնութեան հասնելու համար մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն աշխատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ»:
CATEGORIES Հայկական

