Ռոյս. «Պայէրն Միւնիխ Պիտի Հանդիսանայ Գերմանիոյ Ախոյեան»

0806_roysՊորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Մարքօ Ռոյս Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի նախօրեակին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Կը կարծեմ, որ 2014-2015 տարեշրջանին «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան պիտի հանդիսանայ Պայէրն Միւնիխ: Ինչ կը վերաբերի մեր կազմին, կը կարծեմ, որ եթէ կ՛ուզենք լաւ դիրքի մը վրայ տեսնել մենք զմեզ, պէտք չէ նախորդ տարեշրջանին նման կէտեր կորսնցնենք: Թէեւ նախորդ տարեշրջանը լաւ սկսանք, սակայն վիրաւորներ ունենալով լաւ աւարտ մը չկրցանք ունենալ»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )