«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԵՒԱՆՔ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՉԿԱՅԱՑԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Կարինէ Յակոբեան

Ժառանգութիւն կուսակցութեան քարտուղար Կարինէ Յակոբեանի երէկուան բանավէճը` Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Յովհաննէս Սահակեանի հետ ակնկալուածէն աւելի բուռն անցած է:

Կարինէ Յակոբեան նախ յայտարարեց, որ իշխանութեանց եւ Հայ ազգային քոնկրեսին միջեւ տեղի ունեցող հոլովոյթը հետեւանքն է Հայաստանի չկայացած քաղաքական դաշտին, որովհետեւ ընդդիմութիւն-իշխանութիւն համագործակցութիւնը պէտք է կազմակերպչական բնոյթ կրէ եւ ոչ թէ մէկ անգամուան նախաձեռնութիւն ըլլայ:  Ան ընդգծեց, որ երկխօսութիւնը ո՛չ ֆութպոլային, ո՛չ ալ, աւելի եւս, ճատրակային քաղաքականութիւն է, այլ աւելի շատ կը յիշեցնէ փոքերի խաղը, ուր կողմերէն երկուքը, չունենալով իրենց ձեռքին իրական խաղաքարտ, ստիպուած են դիմելու պլեֆի, եւ մոլորութեան մէջ գտնուողը հասարակութիւնն է:

Նշելով, որ երկխօսութեան հոլովոյթը դրական կը գնահատէ, պատգամաւոր Յովհաննէս Սահակեան ընդգծեց, որ իշխանութիւնը կը փորձէ ներքաղաքական իրավիճակին մէջ կայունութիւն մտցնել, այն մշակոյթը մտցնել, որ «պէտք չէ բիրտ  քաղաքականութեամբ որոշ քայլեր կատարել»:

«Մենք կը քալենք հարցերու շուրջ խաղաղ բանակցութիւններ կազմակերպելու եւ իրականացնելու ճամբով, եւ եթէ այդ ճամբուն վրայ որոշ մարդիկ, լրատուամիջոցներ կամ քաղաքական ուժեր պէտք է ատիկա իբրեւ խաղաքարտ սարքեն իրենց համար, այլ պիտակներ տան եւ անով իսկ գոհանան, ապա կրնանք ըսել, որ մենք պատրաստ ենք նաեւ գոհացնելու, պատրաստ ենք որոշակի առումով հովանի ըլլալու, որպէսզի իրենք աւելի հանգիստ զգան այս քաղաքական դաշտին մէջ, յատկապէս, երբ օդը կիզիչ է», աւելցուց պատգամաւորը:

Share this Article
CATEGORIES