ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ՕՊԱՄԱ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ

Մետվետեւ եւ Օպամա

Ռուսական «Վեսթի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երկուշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է: Օպամա ցաւակցութիւն յայտնած է «Պուլկարիա» շոգենաւի խորտակման համար, ապա անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարձր գնահատած է Քազանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին ընթացքին Մետվետեւի գործադրած ջանքերը` ուղղուած տագնապին լուծման:

Նախագահները երկուստեք մտադրութիւն յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար միասնական քայլերու ձեռնարկելու:

 

Share this Article
CATEGORIES