Անգլիացի Ուեպ Վերջ Դրաւ Իր Ասպարէզին
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ անգլիացի անուանի իրաւարար Հաուըրտ Ուեպ վերջ դրաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին` 25 տարի այս մարզին մէջ աշխատելէ ետք:
43 տարեկան անգլիացի մասնագէտը պիտի ստանձնէ իրաւարարներու կոմիտէի թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը, որ պատասխանատու է «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն իրաւարարները նշանակելու:
Անոր կարեւորագոյն մրցումներէն եղած են Ինթեր Միլան – Պայէրն Միւնիխ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական մրցումը, ինչպէս նաեւ` 2010-ի Մոնտիալի Սպանիա – Հոլանտա աւարտական մրցումը:
CATEGORIES Մարզական

