Լիբանանեան Պասքեթպոլ «Տղոց Ա. Դասակարգի Ակումբներու Ժողովին Ներկայ Չեղանք» Կ՛ըսէ ՀՄԸՄ

Լիբանանեան մարզական մամուլին իր յղած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը զարմանք յայտնեց Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ակումբներուն կողմէ կատարուած յայտարարութեան համար:

Այդ ակումբները երկուշաբթի, 4 օգոստոս 2014-ին գումարած էին ժողով մը` առանց տեղեակ պահելու ՀՄԸՄ-ը այդ ուղղութեամբ եւ քննարկած Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով կարգ մը հարցեր:

Իր այս հաղորդագրութեամբ ՀՄԸՄ կու գայ տեղեակ պահելու բոլորը, որ ինք Ա. դասակարգի ակումբներուն ժողովին ներկայ չեղաւ:

Share this Article
CATEGORIES