Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Տան կահաւորման կամ փոխադրութեան հարց մը ունիք, զոր պիտի կարենաք դիւրութեամբ իրագործել, առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան: Բախտաբեր է օրը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամական ճամբորդութիւն մը ծրագրած էք, որ պիտի իրագործուի յաջողութեամբ: Առանց ժամանակ կորսնցնելու` գործի անցէք: Օրը ունի ուրախ ժամեր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ աշխատանք կատարած ըլլալու հոգեկան հանգստութիւն պիտի ունենաք: Այս զգացումը պիտի շարունակուի ձեր մէջ երկար օրեր: Գնահատանք ունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր բարեկամները խնճոյքի պիտի հրաւիրեն ձեզ: Հաճոյքով պատասխանեցէք հրաւէրին: Նման մտերմութիւններ լաւ առիթներ են զիրար ճանչնալու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ժառանգական խնդիր մը ունիք, որուն կարգադրութեան համար պիտի դիմէք ձեռնհաս մարդոց: Այսպիսի հարցեր հապճեպ չեն որոշուիր, ուշադիր եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարեւորութիւն տուէք ձեր հագ ու կապին, ձեր յարդարանքին: Մարդիկ ձեզ կը դատեն ամէն բանէ առաջ ձեր արտաքին տեսքէն: Վարսայարդարանքն ալ կարեւոր է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներու փոխանցած լուրերը անպայման հաւաստի մի նկատէք: Ըսի-ըսաւներ միշտ ներկայ են ընկերային կեանքի մէջ, իմաստութեամբ մեկնաբանեցէք զանոնք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր անկեղծութիւնը պիտի գնահատուի, ինչպէս նաեւ` ձեր նախաձեռնութիւնը: Մի՛ ըսէք, որ քաջալերող չկայ: Այսօր արդիւնքը պիտի տեսնէք ձեր աշխատանքին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամէն փայլուն իր ոսկի չէ: Հեռու մնացէք անարժէք բաները արժեւորելէ, ինչպէս նաեւ տգէտ անձ մը գիտուն կարծելէ: Իմաստուն եղէք, կը շահիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր որդեգրած նոր ուղղութիւնը ձեզի պիտի առաջնորդէ ձեր ուզած տեղը: Հոգեմտաւոր կեանքի արժեւորում ունիք, հետեւեցէք ձեր այս ուղղութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մեկուսանալու տրամադրութիւն ունիք, անիմաստ է փախուստը կեանքէն: Ոսկին ցեխին մէջ իյնալով` իր արժէքը չի կորսնցներ, շուտ կը մաքրուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ մայր էք կամ հայր, ձեր զաւակներուն հարցերը կարգադրեցէք: Եթէ ամուրի էք, այսօր պիտի հանդիպիք անձի մը, որ պիտի կեդրոնանայ ձեր վրայ:

