50 Տարի Առաջ (8 Օգոստսո 1964)
Քաղաքական Ակնարկ
Ծայրագոյն Արեւելք Հրաբուխի Վրայ
Չինաստան Պիտի Կլլէ՞ Թոնքինի Դառնահամ Դեղահատը
Ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ Թոնքինի տագնապը: Քաղաքական դէտերը արդարօրէն կը մտածեն, թէ դէպքերու հետագայ ընթացքը կախում ունի համայնավար Չինաստանէն, որովհետեւ Ուաշինկթըն պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ զինուորական գործողութիւնները վերջ գտած են, ու Ամերիկա որեւէ նոր քայլ պիտի չառնէ, եթէ Հիւսիսային Վիեթնամ նոր նախայարձակում մը չգործէ:
Համայնավար աշխարհը, ու մասնաւորաբար` Չինաստան, որովհետեւ Խորհրդային Միութիւնը երբեք տրամադրութիւն ցոյց չի տար` պատերազմելու Հիւսիսային Վիեթնամի համար, որ տակաւին վերջերս մերժեց Լաոսի համար 14-երու ժողով մը գումարելու Մոսկուայի առաջարկը, ձեռնածալ պիտի մնա՞յ:
Առ այժմ յայտնի չէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Փեքին` հակառակ այն պաշտօնական յայտարարութեան, որ համայնավար Չինաստան հրատարակեց երէկ` խստիւ դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու ընթացքը:
Այլ խօսքով, «Վիեթնամի Դեմոկրատիկ Հանրապետութեան դէմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործուած նախայարձակումը համազօր է Չինաստանի Ժողովրդային Հանրապետութեան դէմ եղած յարձակումի մը» նախադասութիւնը, զոր կը կարդանք չինական յայտարարութեան մէջ, պէ՞տք է տառացիօրէն նկատի ունենալ եւ սպասել չինական միջամտութեան մը, երբ մանաւանդ Փեքին անմիջապէս ետք կ՛աւելցնէ. «Չին ժողովուրդը որեւէ պարագայի տակ ձեռնածալ պիտի չմնայ, առանց օգնելու իր բարեկամներուն: Միացեալ Նահանգները անցան պատերազմի սահմանը»:
Չինաստան ի՞նչ ձեւով պիտի կրնայ գործի վերածել իր սպառնալիքները: Ամբողջական պատերազմի՞ ձեռնարկելով Ամերիկայի նման հիւլէական հզօր տէրութեան մը դէմ: Օդային պաշտպանութեան եւ յարձակման միջոցնե՞ր տրամադրելով Հիւսիսային Վիեթնամի: Հարաւային Վիեթնամի եւ Լաոսի դէմ զանգուածային յարձակմա՞ն մը ձեռնարկելով, թէ՞ չին կամաւորներ ղրկելով:
Առաջին ենթադրութիւնը անհաւանական է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ Մոսկուայի դիրքը-չափազանց զգուշաւոր, չի քաջալերեր Փեքինը: Բայց վերջին երկու ենթադրութիւնները կարելիութեան սահմանին մէջ կ՛իյնան ու իրագործուելու պարագային, կրնան նոյնքան աննախատեսելի հետեւանքներ ստեղծել:
Ուաշինկթընի մէջ, այս բոլոր կարելիութիւնները ուշադիր քննութեան մը կ՛ենթարկուին եւ կ՛արդարացնեն ուժերու այն վիթխարի զօրաշարժը, որ Խաղաղականի մէկ ծայրէն միւսը կը կատարուի ներկայիս Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Հզօր Ամերիկայի պատերազմական մեքենան շարժման անցած է աներկբայօրէն ցոյց կու տայ աշխարհին ու մանաւանդ Չինաստանին, թէ Ճոնսընի կառավարութիւնը վճռած է տեղի չտալ Հնդկաչինի մէջ:
Յիշելու համար Ամերիկայի ձեռք առած միջոցներէն մէկ քանին` յայտնենք, թէ 7-րդ նաւատորմի ընդհանուր հրամանատարը իր ռազմանաւով ճամբայ ելած է դէպի Թոնքինի ծոցը, ընկերակցութեամբ յաւելեալ երկու օդանաւակիրներու. Ճափոնի ամերիկեան զօրքերը ահազանգի վիճակի մէջ դրուած են՛ հալածիչ օդանաւերու տորմիղներ ղրկուած են Թայլանտ, իսկ ծանր ռմբաձիգներ հասած են Հարաւային Վիեթնամ:
Շնորհիւ այս միջոցառումներուն, Ճոնսըն, որ երէկ լիազօրութիւն ստացաւ ամերիկեան Քոնկրեսէն` առնելու ամէն քայլ, որ յարմար կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն համար, պիտի կրնայ անհրաժեշտ պարագային իջեցնել վճռական հարուածներ` իր զինուորական ուժին ամբողջական թափովը:
Միացեալ Նահանգներու քաղաքական երկու հոսանքները վճռականօրէն կեցած են Ճոնսընի կողքին, ու եթէ հանրապետականները, իրենց դիրքով, քիչ մը կը տարբերին դեմոկրատներէն, այդ տարբերութիւնը Կառավարութեան առած քայլերուն քննադատութեան մէջ չի կայանար, այլ` աւելի վճռական միջոցներու դիմելու պահանջին: Հանրապետականները կ՛ուզեն գիտնալ, թէ Ճոնսըն ի՞նչ պիտի ընէ, հիմա որ փաստուած է, թէ Չինաստան եւ Հիւսիսային Վիեթնամ չեն հրաժարած նախայարձակումէ:
Հանրապետականներու այս «նիզակային կեցուածքը», ինչպէս կ՛ըսեն ֆրանսացիք, թէեւ ընտրական մտահոգութիւններէ կը բխի, բայց կասկած չկայ, թէ ամերիկեան կառավարութեան մտքին մէջ եւս արմատացած կը թուի ըլլալ այն տեսակէտը, թէ ասիական հարաւ-արեւելքի հարցին ամբողջական լուծումը կախում չունի միայն զինուորական գործողութիւններէ: Երբ կրքերը հանդարտին, ու եթէ համայնավար նոր նախայարձակում մը բոլոր հաշիւները չխախտէ, աւելի յոյսեր կան թէ, երկուստեք նկատի պիտի առնուի Տը Կօլի առաջարկը` չէզոքացնելու ամբողջ ասիական հարաւ-արեւելքը:
Այս ուղղութեամբ, Թոնքինի ռումբերը, հակադարձ ազդեցութեամբ մը, կրնան բացած ըլլալ խաղաղութեան ճամբան աշխարհի այդ շրջանին մէջ:
Տոմսեր
«Դէպի Աստղե՜րը Կ՛երթանք»
Մեր Հոգիներուն Լոյսը Կորսնցնելով…
Նիւ Եորքի միջազգային ցուցահանդէսին մէջ «Ճենըրըլ Էլեքթրիք» ընկերութիւնը ունի ուշագրաւ տաղաւար մը, ուր կը ցուցադրէ, յաջորդական քանի մը հանգրուաններով, գիտութեան այն հսկայական յառաջդիմութիւնները, զորս արձանագրած է ամերիկեան կեանքը վերջին կէս դարու ընթացքին:
Առաջին տեսարանը կը ներկայացնէ կեանքը` խոհանոցին մէջ. նորաստեղծ սառնարանը իր առաջին քայլը առած է արդէն եւ ամրացած` փայլուն խոստումներով…
Հետզհետէ բեմ մուտք կը գործեն ելեկտրական անիւը, ելեկտրական արդուկը, ճեպընթաց լուացքի մեքենան, ու յաջորդական տեսարաններու մէջ` ձայնասփիւռը, համայնակուլ պատկերասփիւռը, ու տակաւին բոլո՜ր այն գիւտերը, որոնք առօրեայ մանրամասնութիւն դարձած են այսօր…
Այս բոլորին կողքն ի վեր` խոհանոցին մէջ նստած է մարդը, որ մի՜շտ կը յանկերգէ.
– Մեծ ու փայլուն մօտաւոր ապագայ մը կը սպասէ մեզի:
Տեսարանը վերջ կը գտնէ ո՛չ թէ հիւրասրահի մէջ պատշաճ հիւրասիրութեամբ մը, այլ` հիւլէական աշխարհի հրաշապատումին պատկերացումով, ուր հիւլէն կը փշրուի հանդիսատեսի աչքին առջեւ եւ ցոյց կը տրուի առաջին քայլը տիեզերքի ու աստղերու նուաճման…
Հրաշալի՜ ներկայացում, որ իրօք, ափ ի բերան կը թողու դիտողը:
Դարուս թեքնիք յառաջդիմութիւնն է, որ կը պատկերացուի փայլուն եւ մարգարէաշո՛ւնչ յղացումով:
Ու մենք կ՛երթանք դէպի աղբիւրը տիեզերքին…
***
Ի՞նչ կացութեան մէջ է, սակայն, դէպի աստղերը ճամբորդութեան թեկնածու մարդը, նոյնիսկ` ա՛յս երջանիկ ու հիւրընկալ ափերուն վրայ…
… Ճէյմս Ռեսթըն` հանրածանօթ հրապարակագիրը, մեկնաբանելով ծերակուտական Կոլտուոթըրի գլխաւորած պահպանողական շարժումը, այս երեւոյթը կը նկատէ` «վշտի խոր արտայայտութիւնը ամերիկեան կեանքին, վիշտը` կորսուած կրօնական հաւատքին համար, վիշտը` կորսուած պարզ եւ հաւատարիմ կեանքին համար, վիշտը` նոր հորիզոններու նուաճման ձգտող մարդոց անհատականութեան կորուստին համար: Հակիրճ` կորուստին համար ամերիկեան անմեղ ու գաղափարապաշտ երիտասարդութեան»:
***
Ու ո՜վ չի գիտեր, թէ խորապէս ճշմարիտ են Ռեսթընի այս տխրառիթ հաստատումները:
Սոլցպըրկըրներու… «գաղափարապա՜շտ» հրապարակագրութի՜ւնը վկայ:
Եւ ո՞վ կը պայքարի այս «ոգիին» դէմ…
– Դէպի աստղե՜րը կ՛երթանք կոր…
Սակայն, ո՛րքան կը հասնինք այդ աստղերուն, մինչ հոգեկան ու գաղափարական կեանքի մէջ կը նահանջենք…
ԳԻՍԱՒՈՐ

