Արուեստի Աշխարհէն. Հնադարեան Արձան Մը` «Հագուստով»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ «ՍՐԲԱՊՂԾՈՒՄ» ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ, ՈՒՐ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄԸ ՓԵՏՐԱՒՈՐ ՎԶԿԱՊ ՄԸ ԱՆՑՈՒՑԱԾ Է ԵՒ ՎԱԳՐԻ ՄՈՐԹՈՎ ՇԱՊԸՆԿԵՐ ՄԸ ՀԱԳՑՈՒՑԱԾ Է ՊԱՏԵՐԱԶՄԻԿԻ ՄԸ ԱՐՁԱՆԻՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆԸ.
Անտի Ուորհոլի աշակերտած հռչակաւոր լուսանկարիչ Ճերըլտ Պրունօ մեծ վէճ մը յարուցած է Իտալիոյ մէջ, երբ 2500 տարուան արձանի մը վզին անցուցած է օձաձեւ վարդագոյն վզկապ մը, գլուխը ծածկած է հարսանեկան քողով եւ վագրի մորթով շապընկեր մը հագցուցած է անոր:
Պրունօ կը ծրագրէր լուսանկարել առնականութեան խորհրդանիշ Ռայզի պրոնզէ արձանները, որոնք կը ցուցադրուին Ռեճիօ Քալապրիա թանգարանին մէջ, սակայն թանգարանին պատասխանատուները անմիջապէս կասեցուցած են զայն, երբ նկատած են խնդրայարոյց հանդերձանքը:
Յոյն պատերազմիկներու այս արձանները մաս կը կազմեն Իտալիոյ հնադարեան ժառանգութեան անգին գանձերուն: Անոնք կորսուած կը մնային մինչեւ 1972, երբ յայտնաբերուած են սուզորդներու կողմէ, Իտալիոյ ծովափին մօտ: Յայտնաբերումը մեծ իրադարձութիւն մըն էր հնագէտներու համար:
Արձանները մինչեւ այսօր երկիւղածութեան առարկայ են Քալապրիոյ մէջ: Թէեւ վերանորգուած են 2011-ին, սակայն դիւրաբեկ են եւ պահպանուած կը մնան Ռեճիօ Քալապրիոյ հնագիտական թանգարանին յատուկ մէկ սրահին մէջ, ուր կլիման հակակշիռի տակ է: Անոնք զետեղուած են յատուկ պատուանդաններու վրայ, որոնք զիրենք կը պաշտպանեն երկրաշարժերու եւ ցնցումներու դէմ:
Պրունօ հրաւիրուած էր պրոնզէ արձանները լուսանկարելու եւ ծանուցելու աշխարհի տարածքին:
Տեղւոյն հնագիտական ժառանգութեան պատասխանատուներէն Սիմոնեթթա Պոնոմի կ՛ըսէ, թէ Պրունօ նախապէս իրեն ցոյց տուած էր Հռոմի Վիլլա Պորկեզէ թանգարանին մէջ իր լուսանկարած «Վենիւս վիթրիքս»-ը` կարմիր քողով: Պոնոմի համաձայն, անիկա «ճաշակաւոր» լուսանկար մըն էր, սակայն այս նկարները «ահաւոր» էին:
«Արձանները նկարեց առանց իմ գիտակցութեանս: Երբ պատասխանատուները նկատեցին, անմիջապէս միջամտեցին, սակայն ան արդէն քանի մը լուսանկար առած էր», կ՛ըսէ ան:
Դէպքը պատահած է քանի մը ամիս առաջ, սակայն լուրը նոր հրապարակուած է եւ կը զուգադիպի վէճերու, որոնք ծագած են դիւրաբեկ արձաններուն դէպի այլ թանգարաններ փոխադրութեան ծրագիրներու:

