Արուեստի Աշխարհէն. Միջին Արեւելքի Արուեստին Նոր Դէմքերը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԻՆՉ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՃԱԿԱՏՆԵՐ ԿԸ ԲՌՆԿԻՆ, ԱՆԴԻՆ` ՍՈԹՊԻ՛Զ ԱՃՈՒՐԴԻ ՎԱՃԱՌԱՏՈՒՆԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՎԱՃԱՌՔ ՄԸ, ԶՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ Կ՛ՈՐԱԿԵՆ «ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ»: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Սոթպի՛զ վաճառատունը Լոնտոնի Նիւ Պոնտ Սթրիթի իր պատկերասրահներուն մէջ այս օրերուն կը ցուցադրէ միջինարեւելեան արուեստի գործեր, զորս հոկտեմբեր 6-ին աճուրդի պիտի դնէ Քաթարի մէջ:

«Ներկայացուած գեղանկարիչները  իրենց սերունդի ամէնէն տաղանդաւոր եւ ամէնէն հետաքրքրական արուեստագէտներէն են,- կ՛ըսէ Սոթպի՛զի միջազգային ժամանակակից արուեստի մասնագէտ Լինա Լազար:- Անոնցմէ ոմանք ցարդ երբեք չեն ներկայացուած միջազգային մակարդակի վրայ, սակայն կը հաւատանք, թէ յառաջիկայ տարիներուն մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծուի անոնց գործերուն նկատմամբ»:

Ցուցահանդէսը կը մէկտեղէ գործեր` արաբական աշխարհին մէջ նորափթիթ աստղերէ, ինչպէս նաեւ` վեթերան արուեստագէտներէ: Անոնց կողքին կը ցուցադրուին նաեւ մրցանիշներ կոտրած բրիտանացի արուեստագէտ Տէյմըն Հըրսթի թիթեռնիկներով լեցուն «Թրանքուիլիթի» (Խաղաղութիւն) գործը:

Միջին Արեւելքի արուեստը «հասունցած է» վերջին տասնամեակին, ինչպէս կը գրէ «Արթ Նիւզփէյփըր»-ի խմբագիր եւ Միջին Արեւելքի արուեստի մասնագէտ Աննա Սոմըրզ Քոքս` նկարագրելով վերջերս աշխարհին վրայ բացուած միջինարեւելեան  կիզակէտը` վերացապաշտ եւ փորձառական արուեստի արտայայտութեամբ:

Պատմական աճուրդին մաս կը կազմեն տարբեր գործեր, ինչպէս` Անտի Ուորհոլի սերտ բարեկամ Մոնիր Ֆարմանֆարմաիանի ապակիէ եւ հայելիէ բաղկացած մէկ գեղանկարը:

Քովի սիւնակներուն մէջ կարելի է տեսնել քանի մը նմուշներ:

«Ալ Շարք էլ Աուսաթ», գործ` Այման Պաալպաքիի: Աքրիլիք` պաստառի վրայ: Գծուած` 2013-ին: Արժէքը կը գնահատուի 60-80 հազար տոլարի միջեւ:

«Ալ Շարք էլ Աուսաթ», գործ` Այման Պաալպաքիի: Աքրիլիք` պաստառի վրայ: Գծուած` 2013-ին: Արժէքը կը գնահատուի 60-80 հազար տոլարի միջեւ:

985mid1

«Տը չէյս» (հետապնդումը) գործ` Ալի Պանիմատրի: Իւղաներկ` կտաւի վրայ: Գծուած` 2011-ին: Արժէքը կը գնահատուի180-250 հազար տոլարի միջեւ:

985mid2

«Թրանքուիլիթի» (խաղաղութիւն), գործ` Տէյմըն Հըրսթի: Թիթեռնիկներ` պաստառի վրայ: Իրագործուած` 2008-ին: Արժէքը կը գնահատուի 1 -1.5 միլիոն տոլարի միջեւ:

985mid5

«Թրի պրատըրզ» (երեք եղբայրներ), գործ` Մոնիր Ֆարմանֆարմաիանի: Հայելիի, ապակիի եւ փայտի վրայ իրագործուած նկարներ: Արժէքը կը գնահատուի 70-100 հազար տոլարի միջեւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )