Ռուսիոյ Մէջ Սնոուտընի Կեցութեան Ժամկէտը Երկարաձգուած Է Երեք Տարիով

Էտուըրտ Սնոուտըն
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի փաստաբան Անաթոլի Քուչերենա յայտնած է, որ Ռուսիոյ մէջ Սնոուտընի կեցութեան ժամկէտը երկարաձգուած է երեք տարիով:
Ան նաեւ նշած է, որ ժամանակաւոր կեցութեան արտօնութեան երկարաձգումը ինքնին Սնոուտընի նախաձեռնութիւնը եղած է:
«Եթէ խօսինք անոր ապագայ կարգավիճակին մասին, ապա ան այժմ կրնայ ազատօրէն տեղաշարժիլ երկրի սահմաններէն դուրս, սակայն ոչ աւելի քան երեք ամիս», յայտնած է Քուչերենա:
Փաստաբանը նաեւ նշած է, որ երկրի տարածքին տեղաշարժելու մասին բոլոր որոշումները Սնոուտըն ինք կու տայ, եւ աւելցուցած է, որ անոր քաղաքական ապաստան տրամադրելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ:
«Խօսքը անոր քաղաքական ապաստան տրամադրելու մասին չէ, այլ պարզապէս երկրի տարածքին մէջ բնակելու արտօնութեան մասին: Այս պահուս արտօնութիւնը երեք տարուան ժամկէտով է, եւ հետագային հաւանական է այդ ժամկէտը երկարաձգել», ըսած է փաստաբանը:
Սնոուտընի` Ռուսիոյ տարածքին մէջ բնակելու արտօնութեան ժամկէտը աւարտած էր 1 օգոստոսին:

