Ըստ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Գերմանիա Կը Հրաժարի Ռուսիոյ Մէջ Ներդրումներէն Յօգուտ Իրանի

0708_Germany-Iran«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Գերմանիոյ ձեռնարկատէրերը կը դադրին քննարկել ռուսական տնտեսութեան մէջ ներդրումներ ունենալու կարելիութիւնը` ուքրանական ճգնաժամին մէջ Մոսկուայի դերակատարութեան պատճառով Ռուսիոյ հասցէին ուղղուած քննադատութեանց լոյսին տակ: Միեւնոյն ժամանակ Գերմանիան որոշած է ուշադրութիւն դարձնել այլ երկրի մը, որուն դէմ նոյնպէս արեւմտեան պատժամիջոցներ սահմանուած են:

Անանուն պաշտօնեաներ օրաթերթին յայտնած են, որ գերմանական ընկերութիւնները սկսած են վերականգնել Իրանի հետ երբեմնի առեւտրական սերտ կապերը: «Այդ տեղաշարժը, որ կը քննարկուի նաեւ միւս եւրոպական երկիրներուն կողմէ, կարելի է բացատրել այն հանգամանքով, որ արեւմտեան երկիրներու կառավարութիւնները Իրանի հետ կը բանակցին որոշ պատժամիջոցներու մեղմացման շուրջ, եթէ Իրան զիջումներ կատարէ հիւլէական հարցին մէջ», կը գրէ թերթը:

Այժմ կողմերը բանակցութիւններ կը վարեն մեծ գործարքներու շուրջ, ինչ որ յոյս յառաջացուցած է որոշ ընկերութիւններու մօտ, որոնք պիտի փափաքէին մուտք գործել իրանեան շուկայ:

«Շուկան պիտի պայթի, երբ առեւտուրի արգելքը վերցուի», կը նախատեսէ «Սփինըր ԿմպՀ» բարձր ճարտարագիտական բաղադրիչներ արտադրող ընկերութեան գործադիր տնօրէն Սթեֆանի Սփինըր-Քինկ:

Share this Article
CATEGORIES