Բախումներ` Քիեւի Հրապարակին Վրայ

0708_KievՔիեւի կեդրոնին մէջ երէկ բախումներ տեղի ունեցան Մայտանի գործիչներու եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ:

Ուքրանական «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ոստիկանները ուժ օգտագործեցին եւրամայտանցիներու դէմ` օգտագործելով լուսաձայնային նռնակներ: Գործիչներն ալ ի պատասխան քարեր եւ պայթուցիկներ նետեցին:

Գործիչներէն մէկը փորձեց ոստիկաններէն մէկուն ուղղութեամբ «Մոլոթովեան քոքթել» նետել, սակայն ոստիկանները կրցան զինք զսպել:

Նախքան այդ, գործիչները սկսան ինքնաշարժներու անիւներ հրկիզել` այդպիսով բողոքելով պատուարներն ու վրանները կազմաքանդելու համայնքային իշխանութիւններու փորձերուն դէմ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )