ՊՈՒԼԿԱՐԱՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ ԿԻՒԼԷՆ 10 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐԻ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ՊԱՀԱՆՋԱԾ ԵՆ
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Սոֆիա գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ հանդիպում ունեցած է Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահ Ցեցկա Ցաչեւայի հետ: Խորհրդարանի մուտքին մօտ հակաթրքական եւ ազգայնական ուղղուածութեամբ յայտնի ԱԹԱՔԱ կուսակցութեան ղեկավար Վոլան Սիտերով եւ 5 երեսփոխաններ Ապտիւլլա Կիւլը դիմաւորած են բողոքի ցոյցով մը, որուն ընթացքին բարձրացուցած են հակաթրքական բովանդակութեամբ ցուցապաստառներ:
Անոնք Կիւլէն պահանջած են, որ Թուրքիա Օսմանեան կայսրութեան գործած ոճրագործութիւններուն համար Պուլկարիայէն ներում հայցէ եւ 10 միլիառ տոլարի հատուցում վճարէ: Ոստիկանները միջամտած են եւ արգելք հանդիսացած, որ ԱԹԱՔԱ-ի անդամ երեսփոխանները շարունակեն խորհրդարանի շէնքին մուտքին իրենց ցոյցը:
Ցեցկա Ցաչեւայի հրահանգով արգիլուած է բողոքի ցոյց կազմակերպած երեսփոխաններուն ներկայ գտնուիլ Կիւլի հետ հանդիպումին:
Նշենք, որ ԱԹԱՔԱ կուսակցութիւնը Պուլկարիոյ խորհրդարանին մէջ պարբերաբար կը բարձրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: