«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԹՈՒՐՔ-ՔՐՏԱԿԱՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ ՀՐԱՀՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ Թեհրանի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձեն հրահրել թուրք-քրտական բախումներ, որոնց հիմնական նպատակը Իսրայէլը փրկելն է:

«Թշնամիները շրջանի երկիրներուն եւ յատկապէս Թուրքիոյ եւ Իրանի յառաջընթացէն ուրախ չեն: Այդ երկիրները պէտք է ուշադիր ըլլան Միացեալ Նահանգներու ծրագրած խաղին մէջ չյայտնուելու համար: Անոնք կ՛ուզեն հրահրել շիի եւ սիւննի մահմետականներու, ինչպէս նաեւ քիւրտերու եւ թուրքերու միջեւ բախումներ: Այդ բոլորին նպատակը սիոնական վարչակարգը փրկելն ու իրենց տնտեսական վիճակը կարգաւորելն է», ըսած է Ահմատինեժատ` ընդգծելով, որ շրջանի երկիրներուն համար մեծագոյն սպառնալիքը Իսրայէլն է:

Արտաքին միջամտութեան հարցին մէջ ուշադիր ըլլալու կոչ ուղղելէ ետք Ահմատինեժատ յայտնած է. «Եթէ օտարերկրացիները միջամտեն շրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն, ատկէ պիտի տուժեն բոլոր երկիրները: Շրջանի ժողովուրդը պէտք չէ ատիկա արտօնէ»:

Անդրադառնալով թուրք-իրանեան յարաբերութիւններուն` Իրանի նախագահը երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերու կարեւորութիւնը ընդգծած է:

«Թշնամիներուն կ՛անհանգստացնեն Իրանի եւ Թուրքիոյ սերտ յարաբերութիւնները, որովհետեւ անոնք այդ յարաբերութիւնները կ՛ընկալեն ի վնաս իրենց: Երկու երկիրները իրենց եւ շրջանի ժողովուրդներու շահերուն համար շատ բան կրնան ընել», ըսած է Ահմատինեժատ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES