ՓԵՏՐՈՒԱՐԷՆ Ի ՎԵՐ 4-ՐԴ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ԻՍՐԱՅԷԼ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶ ՓՈԽԱԴՐՈՂ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԸ ԱԿԱՆԱՀԱՐՈՒԵՑԱՒ
Երէկ արշալոյսին Հիւսիսային Սինայի նահանգի մայրաքաղաք Արիշ քաղաքի արեւելքը Եգիպտոսէն Իսրայէլ բնական կազի փոխադրութեան կայարանի մը մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Պայթումին պատճառով յառաջացած հրդեհին բոցերը տեսանելի դարձան 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Եգիպտական ՄԵՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ խողովակաշարը ականահարելէ առաջ անծանօթ զինեալներ կայարանի պահակին դէմ յարձակում գործած են:
Ասիկա փետրուարէն ի վեր Եգիպտոսէն Իսրայէլ եւ Յորդանան կազ փոխադրող խողովակաշարին վրայ տեղի ունեցած չորրորդ պայթումն է: Վերջին պայթումը տեղի ունեցած էր մէկ շաբաթ առաջ:
CATEGORIES Միջազգային