ՍՈՒՐԻԱ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Շարեհ կը նախագահէ ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին

Սուրիա բուռն կերպով դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի երկուշաբթի երեկոյեան կատարած յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն բացայայտ միջամտութեան յաւելեալ փաստ մը:

Քլինթըն ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սպառած է իր օրինականութիւնը: Ան յայտնեց, որ ինք Ասատը Սուրիոյ համար անփոխարինելի չի նկատեր, եւ Միացեալ Նահանգներ անոր հետագայ ղեկավարումով շահագրգռուած ըլլալու որեւէ պատճառ չունին:

Ըստ Քլինթընի, Միացեալ Նահանգներու նպատակը Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու հասնելու` սուրիացի ժողովուրդի կամքին իրականացման աջակցիլն է:

Սուրիացի պաշտօնական աղբիւր մը «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Քլինթընի յայտարարութիւնը գրգռիչ արարք մըն է, որուն նպատակը ներքին տագնապի վատթարացման շարունակումն է, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդին շահերուն կամ արդարացի ձգտումներուն չծառայող նպատակներու իրագործումը:

Աղբիւրը նշեց, որ սուրիական ղեկավարութեան օրինականութիւնը Միացեալ Նահանգներու կամ ուրիշներու կամքէն կախեալ չէ, այլ միայն սուրիացի ժողովուրդէն, որ առօրեայ կերպով կը վերանորոգէ վստահութիւնը իր քաղաքական ղեկավարութեան եւ այս վերջինիս քննարկումի եւ երկխօսութեան համար առաջադրած արմատական բարեփոխումներու նկատմամբ:

Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոն «Էօրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերուն նկատմամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին լռութիւնը «անտանելի» դարձած է, իսկ Ասատ չափը անցուցած է:

Ֆիյոն նշեց, որ Ֆրանսա եւրոպական այլ պետութիւններու հետ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած է Սուրիոյ դէմ որոշում մը, որուն դէմ առարկած են Ռուսիա եւ Չինաստան: Ան յայտնեց, որ սուրիական վարչակազմը հարցերը սրելու քաղաքականութիւն կը կիրարկէ:

Ֆրանսա Ապահովութեան խորհուրդէն պաշտօնապէս պահանջեց Սուրիոյ մէջ իր դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումին վերաբերեալ մեկնաբանութիւն մը կատարել:

Թրքական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի աւարտին Սուրիա այցելելով Դամասկոսին խիստ պատգամ մը պիտի փոխանցէ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութեան խորհրդակցական հանդիպումը իր նիստերուն աւարտէն ետք երէկ մէկ օր ուշացումով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ ներքին քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ երկխօսութիւնը սուրիական տագնապին վերջ տալու միակ լուծումն է: Հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ Սուրիա բոլորին հայրենիքն է եւ անոր կայունութիւնը ազգային կարիք մըն է` մերժելով անհատներու եւ պետական ու անձնական կալուածներու դէմ յարձակումները: Անիկա նաեւ կոչ ուղղեց ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք համաներման որոշումին մէջ չեն ներառուած:

Ժողովին մասնակիցները մերժեցին Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը հետեւի ազգային երկխօսութեան աւարտէն ետք ինկող ժամանակաշրջանին տեղի ունենալիք իրադարձութիւններուն եւ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ դրական ու անկեղծ քայլերու կը սպասէ:

 

Share this Article
CATEGORIES