ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՂԲԱՅՐԸ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ

Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայի ազդեցիկ եւ վիճայարոյց եղբայրը երէկ հարաւային Գանտահար նահանգի իր բնակարանին մէջ սպաննուեցաւ իր թիկնապահին կողմէ:

Ահմետ Ուալի Քարզայ, որ Գանտահարի նահանգային խորհուրդի նախագահն էր, կը դիմագրաւէր բազմաթիւ ամբաստանութիւններ, ներառեալ` «Սի. Այ. Էյ.»ի կողմէ վարձուած եւ թմրեցուցիչի առեւտուրով զբաղած ըլլալու ամբաստանութիւնը, Համիտ Քարզայի կառավարութեան համար քաղաքական գլխացաւի մը վերածուած էր:

Սպանութեան ականատես մը յայտնեց, որ թիկնապահը Քարզայը սպաննած է «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրով մը:

Թալեպան շարժումը ստանձնեց Աֆղանիստանի նախագահի եղբօր սպանութեան պատասխանատուութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES