ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Օքապ Սաքըր այսուհետեւ մաս չի կազմեր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումին:
ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Էլիաս Մըր յայտնեց, որ ինք թեկնածու է 2013-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան նշեց, որ ինք կը մնայ հանրապետութեան նախագահին զօրակիցը` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան տապալումը կը միտէր ձախողեցնել Միջազգային դատական ատեանը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունի` աւելցնելով, որ կարելի է երկխօսութեան ընդգրկած թղթածրարները ընդարձակել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ իրենք համաձայն են երկխօսութեան, սակայն աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ կարելի ըլլար ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը ապարդիւն է, եթէ կարելի չըլլայ երաշխաւորել այդ երկխօսութեան ընթացքին տրուելիք որոշումներուն գործադրութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն «Լիուա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ պետական նշանակումներուն պարագային պէտք է նախանձախնդիր ըլլալ լիբանանցիներուն միջեւ համայնքային հաւասարակշռութիւնը պահպանելու սկզբունքին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան Լիբանանի յատուկ միջազգային որոշումներուն գործադրութեան:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին այն տեղեկութիւնները, թէ Պքերքէ որոշած է պոյքոթի ենթարկել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ իր հանդիպումները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ Տորի Շամուն յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ ազգային երկխօսութեան. ան աւելցուց նաեւ, որ Միջազգային դատական ատեանը հիմնուած է` պարտադրելու համար արդարութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ալեն Աուն յայտնեց, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը եւս կը պատկանի պետական նշանակումներու թղթածրարին, որուն կապակցութեամբ կառավարութիւնը որոշումներ պիտի կայացնէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպանի կոչ ուղղեց մշակելու այնպիսի ռազմավարութիւն մը, որուն հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ պաշտպանել լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութիւնները:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ ինք հարիւր առ հարիւր կը զօրակցի խօսքի, մամլոյ եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ազատութեանց: