ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑԸ
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հարստութեան դէմ գործուած ոտնձգութեան հարցը վաղը պիտի քննարկուի կառավարութեան նիստին ընթացքին: Այս մասին խօսելով` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի քարիւղի իրաւունքները օգտագործելուն եւ Լիբանանի ծովային սահմաններուն դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն համար Իսրայէլի դէմ ՄԱԿ-ին բողոքագիր մը ներկայացնելու քայլը կը սպասէ կառավարութեան որոշումին, որ պիտի տրուի վաղը` հինգշաբթի օր:
Մանսուր հաստատեց, որ Լիբանանի կողմէ քարիւղի հանքերու պեղումին ուշացումը չի նշանակեր, որ Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնագլուխ որոշում տալու եւ սահմանագծում կատարելու: Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը մերժած են սահմանագծումը կատարել, որովհետեւ անոնք նկատել տուած են, որ այդ մէկը իրենց իրաւասութիւններուն մաս չի կազմեր:
Այս առումով Մանսուր նկատել տուաւ նաեւ, որ Կիպրոս չի կրնար Իսրայէլի հետ իր տնտեսական ծովային սահմանները ճշդել` առանց նկատի ունենալու Լիբանանի իրաւունքները:
Իր կարգին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ «Մատա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը միտի Լիբանանի քարիւղի հարստութիւններուն տիրանալ` ոտնձգութիւններ գործելով անոր ծովային սահմաններուն դէմ:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանան իրաւունք ունի ծովային սահմանագծում կատարելու` աւելցնելով, որ սահմանագծում կատարելով կարելի կ՛ըլլայ արգիլել Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Նախարար Պասիլ դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծում կատարելու հարցը Լիբանանը պիտի չմղէ Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ կատարելու:
Ան շեշտեց, որ այս իմաստով ՄԱԿ-ի դերակատարութիւնը պէտք է աշխուժ ըլլայ` պահպանելու համար երկրին սահմանները, ինչպէս նաեւ հանդարտ պահելու համար կացութիւնը: