Ժոմպլաթ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանները

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող քաղաքական իրադարձութիւնները:

Նախանցեալ երեկոյեան Ժոմպլաթի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

Ասիրիի հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումին աւարտին Ժոմպլաթ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Ասիրիի եւ զայն պարգեւատրեց Քամալ Ժոմպլաթի մետալով:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրած մէկ միլիառ տոլարի գումարով, Սէուտական Արաբիա դարձեալ փաստած է, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )