Սլէյման Ցաւակցութիւն Յայտնեց Նահատակ Սպաներուն Ընտանիքներուն

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ «Պիել»-ի մէջ ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ գնդապետ Նուրէտտին Ժամալի ընտանիքին, ապա ուղղուեցաւ Պատարօ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ գնդապետ Տանի Հարպի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ այցելեց Ժտէյտէի Մար Ժըրժոս եկեղեցին, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ գնդապետ Տանի Խէյրալլայի ընտանիքին:

Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` բանակին օժանդակելու նպատակով անոր ունեցած դրական դերակատարութեան համար:

Միւս կողմէ, Եարզէի իր բնակարանին մէջ Սլէյման ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ հաստատեց, որ Լիբանան վտանգաւոր հանգրուան մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ Արսալի, Թրիփոլիի, Պէյրութի եւ բոլոր շրջաններուն մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )