Զօր. Աուն – Ասիրի Հանդիպում
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանանի տրամադրուած սէուտական օժանդակութեան նպատակը երկրին դիմագրաւած ներկայ կացութեան լուծումն է:
Ան իր բարեմաղթութիւնները արտայայտեց Լիբանանի նկատմամբ եւ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:
Պատասխանելով Սէուտական Արաբիոյ կողմէ բանակին տրամադրուած երեք միլիառ տոլարի օժանդակութեան վերաբերող հարցումի մը` Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ բանակին զինումը ֆինանսաւորողն է, սակայն Լիբանանը իբրեւ գնող երկիր եւ Ֆրանսան իբրեւ զէնք վաճառող երկիր պէտք է համաձայնին:
Ասիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած նուիրատուութիւնը ցոյց կու տայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին յանձնառութիւնը Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ: Ան խստիւ դատապարտեց կրօնի անունով ահաբեկիչներուն կողմէ գործուած արարքները, որոնք կ՛աղաւաղեն իսլամական կրօնին պատկերը:

