ԱՌԻ-ի Բնակարանաշինութեան Ծրագիր. Առիաւանի Կառուցման Առաջին Փուլը Կը Նախատեսուի Աւարտել Սեպտեմբերի Կիսուն

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Բենիամեին Պչաքճեան, Սուրէն Սարգիսեան, Մելքոն Յակոբեան

Բենիամեին Պչաքճեան, Սուրէն Սարգիսեան, Մելքոն Յակոբեան

Քաշաթաղի վերաբնակեցման եւ Արցախի գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով վարկեր տրամադրող Արցախ ռուց ինվեսթմընցը (ԱՌԻ) կը շարունակէ Աղաւնօ գետին մօտ բնակարանաշինութեան իր ծրագիրը:

Այս ծրագիրին մասին նախապէս «Ազդակ»-ի էջերով անդրադարձած էինք` բացատրելով Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին մօտ գտնուող Առիաւան գիւղի կառուցման մասին եւ խոստացած էինք պահել հետեւողականութիւնը եւ այլ հարցազրոյցի մը ընդմէջէն ներկայացնել այդ ծրագիրին վերաբերող ներկայ աշխատանքները:

Այս նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ԱՌԻ-ի ատենապետ Սուրէն Սարգիսեանին եւ ԱՌԻ-ի հիմնադիր անդամներ Բենիամեին Պչաքճեանին եւ Մելքոն Յակոբեանին հետ:

Ներկաները յայտնեցին, որ ԱՌԻ-ի տնօրէն խորհուրդի չորս անդամներ` Սուրէն Սարգիսեան, Բենիամին Պչաքճեան, Մելքոն Յակոբեան եւ Բիւզանդ Գէորգեան անցեալ մայիսի աւարտին այցելած են Արցախ` ստուգելու համար Քաշաթաղի մէջ գիւղի կառուցման աշխատանքները:

Ս. Սարգիսեան նշեց, որ մարտ ամսուան ընթացքին աշխատանքին 30 առ հարիւրը կատարուած էր, աւելցնելով, որ շինարարական այս ծրագիրը բաժնուած է երեք թաղերու, որոնք կ՛ընդգրկեն 50 բնակարաններ:

«Գետին մօտ գտնուող 20 բնակարանները գրեթէ ամբողջութեամբ կառուցուած են. անոնց վրայ զետեղուած են նաեւ երդիքները: Երրորդ թաղամասին պարագային, աշխատանքը կ՛ընթանայ, սակայն նկատի ունենալով, որ այդ շրջանին մէջ կային կառոյցներ, որոնք պէտք էր հատուցում ստանային եւ լքէին իրենց կառոյցները, յապաղում արձանագրած են եւ` աշխատանքը կաղացուցած: Երկրորդ թաղամասի պարագային, հիմնական աշխատանքը եղաւ գետնի մակերեսին վրայ գտնուող փոշիին մաքրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար բնակարաններուն հիմերը ուղղակի գետնի վրայ դնել», ըսաւ Ս. Սարգիսեան` ընդգծելով, որ իրենք տակաւին կը յուսան, որ սեպտեմբերին կ՛աւարտի Առիաւանի շինութիւնը:

Բ. Պչաքճեան յայտնեց, որ ներկայիս ԱՌԻ-ն իր աշխատանքները կը հետապնդէ Քաշաթաղի մէջ իր ներկայացուցիչին` ճարտարապետ Արարատ Ստեփանեանին միջոցով:

Ան նշեց, որ Արարատ Ստեփանեան պետական կամ շինարարական հաստատութեան մը ներկայացուցիչը չէ, այլ ԱՌԻ-ի ներկայացուցիչը եւ Առիաւանի շինարարական աշխատանքներուն մասին անոր ներկայացուցած տեղեկագիրը միայն ԱՌԻ-ին է, որ կը ներկայացուի: «Իսկ շինարարական աշխատանքի վերաբերող  որեւէ խախտում նշմարելու պարագային, ան իրաւասութիւն ունի կասեցնելու աշխատանքը եւ տեղւոյն վրայ սրբագրելու զայն եւ համապատասխան դարձնելու շինարարութեան համար ճշդուած չափանիշներուն: Իսկ շինարարներուն կողմէ  ամսական դրութեամբ կը ներկայացուին կատարողականներ` իրենց շաշխատանքին մասին: Այդ կատարողականները կը ստուգէ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնն ու Ա. Ստեփանեանը եւ կը վաւերացնէ զանոնք: ԱՌԻ-ն նիւթական փոխանցումները կը կատարէ միայն Արարատ Ստեփանեանէն ստացուած վաւերացումէն ետք», ըսաւ Բ. Պչաքճեան:

Այս շրջագիծին մէջ ան յայտնեց նաեւ, որ ԱՌԻ-ն դիմած է Երեւանի մէջ գործող «Պէյքըր թիլի» միջազգային հաշուեքննիչ ընկերութեան, որ ցարդ ներկայացուած կատարողականներուն եւ իրենց կատարած այցելութիւններուն հիման վրայ ԱՌԻ-ին պիտի ներկայացնեն իրենց տեղեկագիրը:

Իր կարգին, Մելքոն Յակոբեան յայտնեց, որ ԱՌԻ-ն մօտէն եւ բծախնդրօրէն կը հետեւի իր ստանձնած ծրագիրին գործադրութեան եւ այդ շրջագիծին մէջ կը հարթէ այդ աշխատանքներուն դէմ ծառացող բոլոր խոչընդոտները, որպէսզի լաւագոյն որակով դուրս գայ իրագործուելիք աշխատանքը, ինչ որ աշխատանքին բնական ընթացքը կը նկատուի:

DSCN1214Մայիսին Քաշաթաղ այցելութեան եւ աշխատանքներուն ստուգումին անդրադառնալով` Բ. Պչաքճեան յայտնեց, որ այդ ամսուան ընթացքին նշամարած էին, թէ ենթակառոյցներու իմաստով ոչ մէկ աշխատանք տարուած է: «Այս առումով Արցախ մեր կեցութեան եւ վերադարձին կապուեցանք պատկան իշխանութիւններուն, վարչապետին եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան հետ եւ շեշտեցինք, որ շինարարական աշխատանքներուն զուգահեռ պէտք  է ընթանայ ենթակառոյցի աշխատանքները: «Մէկ-երկու շաբթուան ընթացքին անոնք արդէն աշխատանքի ձեռնարկած էին եւ այսօր կարելի է ըսել, որ ենթակառոյցի աշխատանքը երեք ուղղութեամբ կ՛ընթանայ: Ելեկտրական հոսանքը արդէն հասած է գիւղ, ճամբու լուսաւորման սիւները պէտք է տեղադրուին, ջուրի երկու աւազաններ արդէն սկսած են կառուցուիլ` մատակարարելու համար ամբողջ գիւղին ջուրը, իսկ կոյուղիի պարագային մեր պահանջն էր, որ այդ ջուրերը հեռացնելու խողովակները չզետեղուին այնպէս մը, որ կեղտոտ ջուրերը ուղղակի գետ թափին, այլ ջուրերու զտում կատարուի, որպէսզի կարելի ըլլայ ջուրերը օգտագործել ոռոգման նպատակով: Այս պահանջը արդէն իսկ նկատի առնուած է, եւ աշխատանքը այդ իմաստով կը կատարուի: Ենթակառոյցի ծիրին մէջ կը կառուցուին նաեւ կոյուղիներու միացման կէտերը»,  յայտնեց ան:

Բնակարանաշինութեան առաջին փուլը գրեթէ աւարտած

Բնակարանաշինութեան առաջին փուլը գրեթէ աւարտած

Մ. Յակոբեան մայիսեան իր այցելութեան տպաւորութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` ըսաւ, որ աշխատանք մը երազէն դէպի գործնականացում ուղիին վրայ երբ յառաջխաղացքներ կ՛արձանագրուին, ապա կը նշանակէ, թէ այդ աշխատանքը յաջողութեամբ պիտի պսակուի:

«Վերջին այցելութեան ընթացքին այդ էր իմ տպաւորութիւնս եւ բաւարարուած կը զգամ տեսած աշխատանքովս», ըսաւ Մ. Յակոբեան:

Ան  շեշտեց, որ մինչեւ սեպտեմբեր նուազագոյնը մէկ թաղամաս ամբողջութեամբ կառուցուած պիտի ըլլայ:

Ս. Սարգիսեան ընդգծեց, որ մինչեւ սեպտեմբեր կատարուելիք աշխատանքը արդէն հսկայական է: «Մենք չէինք ակնկալեր, որ ութ ամսուան ընթացքին նման աշխատանք մը կարելի կ՛ըլլայ ամբողջացնել», ըսաւ ան:

Անոնք հաստատեցին, որ Առիաւանի շինարարութեան հրապարակին վրայ ԱՌԻ-ի տնօրէն խորհուրդի անդամները իրենց կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի շինարարութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանի հետ, եւ աշխատանքներուն մասին քննարկումները մանրամասն կերպով կատարուեցան:

ԱՌԻ-ի պատասխանատուները շեշտեցին, որ Առիաւանի ընդհանուր ծրագիրը, որ 150 բնակարանի շինութիւն կ՛ենթադրէ, երեք հանգրուանով պիտի աւարտի, հետեւաբար առաջին փուլին նկատի առնուած են միայն 50 բնակարաններ, որոնք պիտի աւարտին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին:

«Սեպտեմբերի կիսուն նախատեսուած է կատարել այցելութիւն մը դէպի Արցախ եւ այս իմաստով ԱՌԻ-ի բաժնետէրերը հրաւիրուած են այցելելու կառուցուած Առիաւան: Աննախընթաց այս եղելութեան ստեղծելիք խանդավառութիւնն է, որ պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ», ըսաւ Սուրէն Սարգիսեան:

Մ. Յակոբեան յայտնեց, որ Առիաւանի բնակարանները ամարանոցներ չեն, այլ` վերաբնակեցման ծրագիրը իրականացնելու յատուկ տուներ:

«Այդ բնակարանները երկու տեսակ են` միայարկանի, որ երկու ննջասենեակ ունի` 90 քառ. մեթր, եւ` երկյարկանի, որ երեք ննջասենեակ ունի` 110 քառ. մեթր: Բերձորի մէջ կառուցուող այս գիւղին բնակարանները պիտի ունենան իրենց տնամերձ հողամասերը, ուր բնակիչներ պիտի ցանեն իրենց բանջարեղէնները», ըսաւ ան:

Հարկ է աւելցնել, որ պետութեան որոշումով Առիաւանի բնակարաններէն որոշ թիւ մը պիտի տրամադրուի վեց երեխայէ աւելի ունեցող ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ` նահատակուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու: Իսկ մնացեալ բնակարանները ձրի չէ, որ պիտի տրամադրուին, այլ` պետութեան կողմէ երկարաժամկէտ եւ ցած տոկոսներով տրամադրուելիք վարկերով, այն ընտանիքներուն, որոնք վերաբնակելու նպատակով հոն պիտի հաստատուին:

Բ. Պչաքճեան նշեց, որ սեպտեմբերին կատարուելիք այս այցելութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ անոր ընթացքին է, որ մարդիկ պիտի տեսնեն աշխատանքը եւ խանդավառուին` տեսնելով, որ իրենց կատարած ներդրումը ո՛ւր օգտագործուած է եւ ի՛նչ արդիւնք տուած է: «Շատ բան կախեալ է այդ այցելութենէն` այս ծրագիրը շարունակելու իմաստով», ըսաւ ան:

Բ. Պչաքճեան նշեց նաեւ, որ ԱՌԻ-ի բաժնետէրերն ու անոնց բարեկամները մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերած են սեպտեմբերի այցելութեան նկատմամբ, եւ այդ առումով ԱՌԻ-ն պիտի կազմակերպէ Հայաստան-Արցախ ամբողջական այցելութիւն մը, ինչպէս նաեւ պիտի ապահովէ հանդիպումներ` բաժնետէրերուն եւ ԱՌԻ-ի տրամադրած վարկերէն օգտուող վերաբնակիչներուն հետ, որպէսզի անոնք տեսնեն, թէ իրենց ներդրումները ինչպէս նպաստած են գիւղատնտեսութեան զարգացման:

Առիաւանը Գորիս - Ստեփանակերտ մայրուղիէն դիտուած

Առիաւանը Գորիս – Ստեփանակերտ մայրուղիէն դիտուած

Ան ըսաւ, որ Առիաւանի բնակիչները պիտի ըլլան Գամիշլիէն եկած տասնեակ զոյգեր, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտէն, Հայաստանէն կամ այլ երկիրներէ եկող ճարտարապետներ, բժիշկներ եւ այլ մասնագէտներ, որոնք կը գործեն Բերձորի հիւանդանոցին, դպրոցին եւ մշակութային կեդրոնին, ինչպէս նաեւ շրջակայ ջրելեկտրակայաններուն մէջ:

«Հարկ է ընդգծել նաեւ, որ Առիաւանի դիրքը ռազմավարական իմաստով շատ կարեւոր է. անիկա Արցախի դարպասն է: Ոեւէ հայրենակից, որ Հայաստանէն Ղարաբաղ պիտի ուղղուի Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիով, անպայման այս աւանէն պիտի անցնի», ըսաւ Բ. Պչաքճեան:

ԱՌԻ-ի տնօրէն խորհուրդի անդամները ընդգծեցին, որ իրենց ապագայ ծրագիրներուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ Քուէյթ, Ծոցի երկիրներ եւ այլ գաղութներ այցելելու ծրագիրներ, «սակայն նախեւառաջ կը սպասեն սեպտեմբերի այցելութեան եւ ծրագիրի Ա. հանգրուանի աւարտին, որպէսզի կարելի ըլլայ միւս գաղութներուն ճակատաբաց մօտենալ», աւելցուց ան:

ԱՌԻ-ի անդամ ներդրողներուն մասին Ս. Սարգիսեան ըսաւ, որ մօտիկ ապագային պիտի արձանագրուի նաեւ ԱՌԻ 4-ը, աւելցնելով, որ ԱՌԻ-ի ընդհանուր անդամներուն թիւը արդէն իսկ 150-ը անցած է:

Բնակարանը կը կառուցուի

Բնակարանը կը կառուցուի

ԱՌԻ-ի ապագայ աշխատանքներուն մասին անդրադառնալով` Սուրէն Սարգիսեան յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմը ձեւով մը կտրած է իրենց աշխատանքային թափը, նկատի ունենալով, որ սուրիահայ գաղութին այցելելու եւ անոնց ներդրումները ապահովելու նախապատրաստական աշխատանքը կատարուած էր` նախքան Սուրիոյ տագնապին բռնկումը:

Իսկ եթէ անդրադառնալու ըլլանք ԱՌԻ-ի հիմնադրութեան օրէն ի վեր սկսած գիւղատնտեսութեան զարգացման նպատակով վարկեր տրամադրելու աշխատանքին, ապա պէտք է ըսել, որ այդ առաքելութիւնը բնաւ չէ դադրած եւ հեզասահ կերպով կ՛ընթանայ:

Սուրէն Սարգիսեան շեշտեց, որ այդ վարկերը կը տրամադրուին հողագործութեան, անասնապահութեան եւ մեղուաբուծութեան աշխատանքներուն:

«Պէտք է ըսել, որ Քաշաթաղի եւ Շահումեանի մէջ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին անասնաբուծութեան մարզին կատարուած ընդհանուր ներդրումներուն մէջ ԱՌԻ-ն ապահոված է 90 առ հարիւրը` շուրջ մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար տոլար, իսկ հողամշակման մարզին առումով կատարուած ընդհանուր ներդրումներուն մէջ ԱՌԻ-ի շուրջ 45 առ հարիւրը ապահոված է: Եթէ միջին տոկոսը հաշուելու ըլլանք, գիւղատնտեսութեան մարզի զարգացման վարկերուն 50 առ հարիւրը ԱՌԻ-ն տրամադրած է», ըսաւ Բ. Պչաքճեան:

Այս իմաստով Սուրէն Սարգիսեան հաստատեց, որ ԱՌԻ-ի ապագայ ծրագիրներէն է նաեւ այդ շրջաններուն մէջ թեթեւ ճարտարարուեստ ստեղծել եւ գիւղատնտեսութեան բարիքները վերածել արտադրութիւններու` աշխատանքի կարելիութիւններ տրամադրելով շրջանի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ ստեղծելով շուկաներ` կաթնեղէնի, կարագի, մսեղէնի պահածոյի, մեղրի, անուշի, նուռի, ընկոյզի եւ Ղարաբաղի հողին տուած այլ բարիքներով:

ԱՌԻ-ի պատասխանատուները յայտնեցին, որ 2015-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, նպատակ կայ համասփիւռքեան հանդիպում մը կազմակերպել եւ ԱՌԻ-ն դարձնել համահայկական կառոյց մը, այլ խօսքով` Ազգային կեդրոնական ներդրումային հիմնադրամի մը, որուն հիմնական նպատակն է Արցախի վերաբնակեցումը` փոքր ծաւալի վարկաւորումներու ընդմէջէն:

Հարցազրոյցին աւարտին ներկաները գնահատեցին նաեւ մայիսին իրենց ընկերակցած ԱՌԻ-ի հիմնադիր անդամներէն Բիւզանդ Գէորգեանին բերած նոր մղումը եւ խանդավառութիւնը, որ խթան հանդիսացաւ այս 50 տուներուն իմաստով արագացնելու աշխատանքները եւ` նոր ներդրողներ ներգրաւելու:

Անոնք մաղթեցին, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողները Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու պարագային պահ մը անպայման կանգ առնեն Աղաւնօ գետի ափին եւ տեսնեն աշխատանքին ընթացքը, տեսնեն, որ լիբանանահայ գործարարներու միջոցով ինչպիսի՛ աշխատանք մը կատարուած է այդ տարածքին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES